Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Ապտալլա Բ. թագաւորի անուան պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին, երէկ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 97-79 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իրաքը:
Այս մրցումին Լիբանանի ազգային խումբին միացան նաեւ Ալի Հայտար եւ Ուաէլ Արաքժի, որոնք եկան յաւելեալ ուժ տալու խումբին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ Լիբանան, հիւրընկալ երկրին նման ունեցաւ նոյնքան կէտ:
Այսօր, ժամը 19:00-ին, Լիբանան կը մրցի Յորդանանի դէմ:
Այս մրցումին յաղթականը պիտի տիրանայ տիտղոսին: