Պրազիլցի անուանի անցեալի ֆութպոլիստ Փելէ, որ վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ, այժմ ի վիճակի չէ տունէն դուրս գալու: Այս մասին յայտնեց անոր որդին` Էտինիօ:
«Վիրաբուժութեան ենթարկուելով, հայրս այժմ ինքզինք բաւական թոյլ կը զգայ: Ան մեկուսացած է աշխարհէն եւ կ՛ամչնայ իր ներկայ վիճակէն: Ան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ինքզինք թագաւոր զգացած է, իսկ այժմ նոյնիսկ չի կրնար քալել:
«Ան կ՛ուզէ տունէն դուրս գալ եւ տեսակցիլ մարդոց հետ, սակայն կարողութիւն չունի: Այդ իսկ պատճառով ան շատ ընկճուած է», դիտել տուաւ Էտինիօ:
Նշենք, որ Փելէ այժմ 79 տարեկան է: Ան ծնած է 23 հոկտեմբեր 1940-ին եւ անոր իսկական անունն է` Էտսոն Արանթես տօ Նասսիմենթօ: