Սպանական մամուլին համաձայն, քաթալոնական Պարսելոնայի կեդրոնի յետսապահներ Ժերար Փիքէ եւ Սամուէլ Ումթիթի պիտի բացակային այս շաբաթավերջին Կեթաֆէի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն («Լա լիկա», 24-րդ հանգրուան):
Անոնք այս շաբաթասկիզբին իրենց ստացած վնասուածքներուն պատճառով իրենց փորձերը չկրցան կատարել:
Վերոնշեալ մրցումին դաշտ պիտի չներկայանայ նաեւ կեդրոնի այլ յետսապահ մըն ալ` ֆրանսացի Քլեման Լենկլէ, որ նախորդ շաբաթավերջին կարմիր քարտ մը ստացաւ: