Ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Թրաֆ յայտնեց, որ Ե. Միութիւնը պատրաստ է աշխուժացնելու Լիբանանի զօրակցութեան ծրագիրները, որպէսզի Լիբանան կարենայ դիմագրաւել տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապին մարտահրաւէրները: