ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի երէկ Մաժտալիունի մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ հոսանքի Սայտայի մասնաճիւղի նիստին, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 15-ամեակը բազմամարդ յիշատակը ձեռնարկով մը նշելու: Ան շեշտեց, որ հարիրիականութիւնը ուղեգիծ է, արժէքներու շտեմարան, ինչպէս նաեւ` ազգային սկզբունքներու դպրոց:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի սակերը 400 լ. ոսկիով նուազած են:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Շամել Ռուքոզ յայտնեց, որ ինք համաձայն է կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումին, սակայն անոր նախապատրաստական աշխատանքը պետական հաստատութիւններուն, յատկապէս խորհրդարանին մէջ պէտք է կատարուի:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ֆատի Սաատ յայտնեց, որ շատ ցաւալի է պատմական կուսակցութեան մը բացակայութիւնը խորհրդարանէն, երբ անոր պարտականութիւնն է ըլլալ լիբանանցի ժողովուրդին կողքին` նկատի ունենալով, որ ան ժողովուրդին կողմէ ընտրուած է:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ Լիբանան կը գտնուի այնպիսի ծուղակի մը մէջ, որմէ ազատիլը դժուար պիտի ըլլայ առանց արտաքին օժանդակութեան:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ հաստատեց, որ կառավարութեան պարտականութիւնն է իր առաջին ժողովին իսկ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչները նշանակել:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` համաներման օրինագիծը նկատի ունենալու խորհրդարանին գումարելիք օրէնսդրական առաջին իսկ նիստին: