Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքի 90-ամեակի Նշում
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի եւ նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, 31 յունուարին «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքի 90-ամեակը:
Օրուան հանդիսավարներ Սարգիս սրկ. Սիմոնեան եւ Դալար Մարտիրոսեան-Սիմոնեան հրաւիրեցին ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը անմահ նահատակներուն եւ վախճանեալ դպրեվանեցիներուն:
Սարգիս սրկ. Կարապետեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութենէն սորված ենք, որ աշխարհի որեւէ անկիւն կրթօճախ ունենալը կ՛երաշխաւորէ թէ՛ մեր ինքնութիւնը եւ թէ՛ հայապահպանումը աւելցնելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքը այն եզակի տունն է, որ 90 տարիներ շարունակ կերտեց կաթողիկոսներ, ազգային ու հոգեւոր ղեկավարներ, ուսուցիչներ ու երաժիշտներ:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ապա տեսերիզով ժողովուրդը ծանօթացաւ դպրեվանքի առօրեայ կեանքին` որպէս ուսուցման զարգացման եւ ձիրքերու կերտման բացառիկ ազգային եւ հոգեւոր կեդրոն: Ցուցադրուեցան նաեւ դպրեվանք աւարտած գամիշլիցիներու վկայութիւնները` Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան, Արտաւազդ վրդ. Շառոյեան, Սարգիս սրկ. Կարապետեան եւ Խաչիկ Միքայէլեան:
Աւարտին հայր սուրբը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ դպրեվանքի վսեմ առաքելութեան եւ որպէս դպրեվանեցի` անհուն ուրախութեամբ յայտնեց իր երախտագիտութիւնը այս ազգային եւ հոգեւոր կեդրոնին, ուր ստացաւ ազգային եւ հոգեւոր դաստիարակութիւն: Ան շեշտեց, որ դպրեվանքը փոքր աշխարհ մըն է եւ աշխարհի բնութեան նման` ունի չորս եղանակներ. ա) հոգեւոր դաստիարակութիւն, բ) մտաւոր դաստիարակութիւն, գ) ընկերային դաստիարակութիւն, դ) երաժշտական դաստիարակութիւն, որոնք ի մի համախմբուելով` կը կազմեն դպրեվանեցիին հոգեմտաւոր աշխարհը, որ կը պսակուի եւ կ՛իրագործուի ծառայութեան գաղափարով ու կեանքով:
Միացեալ Նահանգներ
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանի Այցելութիւնները
5 փետրուարին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Կարօ Իսփենճեանի եւ Հրայր Կարապետեանի, այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հետ:
Սրբազանը ողջունեց հայրենի հիւրը ազգի տան մէջ, ուր իւրաքանչիւր հայ իբրեւ հարազատ կ՛ընդունուի, եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` իր հայրենանուէր առաքելութեան ու ծառայական կեանքի պատասխանատուութեան մէջ:
Ազգային վարչութեան անունով Կարօ Էշկիեան խօսք առնելով` մաղթեց, որ նման այցելութիւններ յաճախ կրկնուին: Ան նաեւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն մաղթեց հիւրին ինչպէս անցեալին ապագայի համար եւս, վերահաստատելով թեմին զօրակցութիւնը Հայաստանի ու Արցախի վերականգնումի աշխատանքներու աւելի եւս բարգաւաճման:
Իշխան Սաղաթելեան շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած առիթին ու ջերմ ընդունելութեան համար, ապա ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ Հայ եկեղեցւոյ պատմական ու ազգաշէն ծառայութեան` յատկապէս կեդրոնանալով Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի դարաւոր դերակատարութեան վրայ` սփիւռքի մեր գաղութներու հայապահպանման ու ծաղկումին իր մեծ առաքելութեան մէջ:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ լուսաբանութիւններ տալու Ազգային առաջնորդարանի յարկին ու հովանիին տակ տարուող եկեղեցաշէն ու սերնդակերտ աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ` հայրենիքի տնտեսական, կրթական, ազգային արժէքներու պահպանման, ազգային քաղաքականութեան ու կենցաղային մակարդակի բարելաւման, արտագաղթի կանխարգիլման ծիրերուն մէջ տարուող աշխատանքներուն մասին: Շեշտուեցաւ նաեւ պատասխանատուութեամբ ու բարձր գիտակցութեամբ ծառայելու, հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան ու փոխադարձ զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ մեր իրաւունքները աննահանջ կերպով շարունակելու եւ հայրենաշինութեան նուիրուելու հրամայականները:
Հանդիպումին աւարտին սրբազանը Ազգային առաջնորդարանի յուշանուէրը յանձնեց Իշխան Սաղաթելեանին եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց անոր:
ՀՕՄ-ի Կլենտէյլի Կեդրոն
Հայ օգնութեան միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութիւնը չորեքշաբթի, 5 փետրուարի երեկոյեան հիւրընկալեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը, որուն կ՛ընկերակցէր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Փօլատեան, որ ողջունեց հիւրը ՀՕՄ-ի տան մէջ եւ ծանօթացուց բոլոր ներկաները: Փօլատեան յայտնեց, որ ՀՕՄ-ը հայրենիքի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ զանազան ծրագիրներ կ՛իրականացնէ եւ պիտի շարունակէ իր զօրակցութիւնը ցուցաբերել: Փօլատեան յաջողութիւն մաղթեց Իշխան Սաղաթէլեանին` իր պատասխանատուութեան եւ հայրենանուէր առաքելութեան մէջ:
Սաղաթէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս առիթին եւ ջերմ ընդունելութեան համար, ապա տեղեկութիւններ տուաւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն մասին: Ան բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի մարդասիրական, բարեսիրական եւ հայ ժողովուրդին ծառայական աշխատանքները եւ հայապահպանման մէջ ՀՕՄ-ի կարեւոր դերակատարութիւնը:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ հիւրերը շրջագային կեդրոնին մէջ` ծանօթանալով ՀՕՄ-ի Հոգեբանական կեդրոնի եւ Ընկերային ծառայութեան գրասենեակի գործունէութեանց:
Հանդիպումին աւարտին ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէն Սաղաթէլեանին յանձնուեցաւ ՀՕՄ-ը խորհրդանշող յուշապնակ մը:
Ֆրեզնօ Եւ Սան Ֆրանսիսքօ
Իշխան Սաղաթէլեան 30 եւ 31 յունուարին հանդիպումներ ունեցաւ Ֆրեզնոյի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքի եւ կուսակցական ներկայացուցիչներուն հետ` տեղեկութիւններ տալով Հայաստանի ներկայ իրադարձութիւններուն եւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ կուսակցութեան գործունէութեան մասին, նոյն ժամանակ մօտէն ծանօթանալով շրջաններու համայնքներու կեանքին:
Սաղաթէլեան 30 յունուարին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Գօգօ Թօփալեանի եւ ՀՅԴ-ի Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ատենապետ Րաֆֆի Շխրտմեանի հետ այցելեց քաղաքի «Մասիս-Արարատ» հայկական գերեզմանատունը, ուր հայրենի հիւրը իր յարգանքի տուրքը մատուցեց հայ վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանին, անոր յուշարձանին առջեւ, ապա այցելեց Ուիլիըմ Սարոյեանի գերեզմանը, որմէ ետք` Ֆրեզնոյի քաղաքամէջը գտնուող Սարոյեանի անուան թատերասրահը:
Երեկոյեան Սաղաթէլեան հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան անդամներուն հետ` անոնց ներկայացնելով կուսակցութեան քաղաքական գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ եւ պատասխանելով անոնց հարցումներուն: Այս հաւաքին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Կարօ Մատէնլեան եւ Հրայր Կարապետեան:
31 յունուարին Սաղաթէլեան Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ «Քրիստափոր» եւ «Սարդարապատ» կոմիտէութիւններու անդամներուն հետ: Տեղի ունեցաւ տեղեկութեանց փոխանցում, որմէ ետք` խորհրդակցութիւն:
Լոս Անճելըս Գաւառի Հաշմանդամներու Յանձնաժողովէն Ետք Տարագճեան Առաջնորդարան Այցելեց
30 յունուարին Լոս Անճելըս գաւառի Հաշմանդամներու յանձնաժողովի անդամ եւ «Մոտըրն սփորթ սըրվիսըզ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ճեք Տարագճեան, ընկերակցութեամբ Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեանի, այցելեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի` 2020-ը «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու» տարի հռչակելու որոշումին լոյսին տակ, Տարագճեան եկած էր ներկայացնելու Լոս Անճելըս գաւառի մատուցած ծառայութիւնները` յատուկ կարիք ունեցող անհատներուն: Հաշմանդամութիւն ունեցող անհատներու կեանքը բարելաւող եւ անոնց ապագային համար օգտակարութիւն, աջակցութիւն եւ ծառայութիւն մատուցող ընկերութիւն մըն է նաեւ «Մոտըրն սփորթ սըրվիսըզ» ընկերութիւնը:
Առաջնորդ սրբազանը դրուատեց հիւրին յանձնառութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց, որ յաջորդող շաբաթներուն եւ ամիսներուն Տարագճեան այս նախաձեռնութեան ծառայութիւնները ծանօթացնէ նաեւ համայնքին` առաջնորդարանին եւ եկեղեցիներու միջոցով:
Առաջնորդը այս առիթով նաեւ իր օրհնութիւնը տուաւ Քասախեանին, որ թեկնածուներէն է 3 մարտին տեղի ունենալիք Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց:
Նոր Ջուղա
«Հայ Դատի Եւ Արցախի Բարեկամներ» Խորագիրով Հանդիպում
Հայ դատի յանձնախումբի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով 22 յունուարին Նոր Ջուղայի Հայ դատի յանձնախումբի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ դատի եւ Արցախի բարեկամներ» խորագիրով հանդիպում:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նոր Ջուղայի Հայ դատի գրասենեակի անդամ Նարինէ Տէր Գրիգորեանը, որ անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութենէն ետք իրագործուած հայկական կոտորածներուն` նշեց, որ ՀՅԴ-ի Հայ դատի յանձնախումբը իր օրակարգին մէջ ներառելով Հայաստանի, Արցախի եւ ընդհանրապէս հայութեան դիմագրաւած հարցերու լայն շրջագիծը` միջազգային հանրութեան ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութենէն բխած բոլոր հետեւանքները եւ հետագայ տարիներու հայկական կոտորածները` որպէս անպատիժ մնացած ոճրագործութեան հետեւանք:
Հոկտեմբեր 2019-ին ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան կազմակերպութեամբ, Ստեփանակերտի մէջ կայացած «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան խորագիրով Արցախի բարեկամներ համաժողովի առնչութեամբ զեկոյցով հանդէս եկան նոյն խորհրդաժողովի մասնակիցներէն, Նոր Ջուղայի Հայ դատի գրասենեակի անդամներ Զօրիկ Յովսէփեանը եւ Լորիս Նաւասարդեանը, որոնք անդրադարձան երկօրեայ համաժողովի ընթացքին արծարծուած թեմաներու կարեւորագոյն բաժիններուն եւ ձեռքբերումներուն, յատկապէս ընդգծելով, որ առաջին անգամ ըլլալով աւելի քան 150 ոչ հայ քաղաքական մտաւորականներ եւ մամլոյ գործիչներ զանազան երկրներէ ներկայ էին սոյն համաժողովին եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ Ժողովուրդին, ի մասնաւորի` Արցախին: Անոնք յայտնեցին, որ համաժողովի ընթացքին ընդհանուր կէտերու մէջ ներկայացուեցաւ նաեւ Իրանի Հայ դատի գրասենեակներու աշխատանքները:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Մոսկուայի, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակներու աշխատանքները ներկայացնող տեսերիզ մը:
Ապա ազգային գործիչ եւ Նոր Ջուղայի Հայ դատի գրասենեակի անդամ Սոնիկ Բաղումեանը հանդէս եկաւ բանախօսութեամբ: Ան նշեց, որ 1944 դեկտեմբերին ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ եւ յաջորդաբար ձեռնարկած գործողութիւններով Նիւ Եորքի մէջ կեանքի կոչուեցաւ Հայ դատի յանձնախումբը, եւ անդրադարձ կատարեց սոյն գրասենեակի նախնական գործունէութեան` աւելցնելով, որ կեդրոնի առաջին նախաձեռնութիւնը եղաւ ամերիկեան, անգլիական եւ Խորհրդային Միութեան կառավարութիւններուն յուշագիրներու ներկայացումը եւ համապատասխան բացատրութիւններու փոխանցումը:
Բաղումեան ընդգծեց նաեւ, որ քաղաքական քայլերէն առկախ` Հայ դատի յանձնախումբը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն մեծ ջանք ի գործ դրաւ Հայ դատի մասին հանրային միտքը լուսաբանելու ուղղութեամբ, այդ մէկը` մամուլով, ռատիոկայանով եւ զանազան այլ միջոցներով:
Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ 2019-ի աւարտին Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու տան եւ ծերակոյտի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման գործընթացին:
Ազգային, քաղաքական եւ հասարակական գործիչ Թաթուլ Օհանեան ելոյթ ունենալով` անդրադարձաւ Հայ դատի աշխատանքներու զանազան փուլերուն, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր ժողովին Հայ դատի հետապնդման շրջագիծին մէջ կայացած որոշումներուն:
Աւարտին Իրանի իսլամական խորհրդարանի 11-րդ նստաշրջանի Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւորութեան թեկնածու Ռոպերթ Բեգլարեանը կազմակերպիչներու խնդրանքով բացատրութեամբ հանդէս եկաւ վերջին շրջանին Իրանի ժողովուրդը յուզող հարցերու կապակցութեամբ:
Կիպրոս
Հանդիպում «ՏԻՍԻ» Եւ «ԱԿԵԼ» Կուսակցութեան Անդամներու Հետ
Վերջերս Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան եւ ՀՅԴ-ի Կիպրոսի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնեճեան կառուցողական հանդիպում մը ունեցան «ՏԻՍԻ» կուսակցութեան Եւրոխորհրդարանի անդամ Լուկաս Ֆուրլասի, ինչպէս նաեւ «ԱԿԵԼ» կուսակցութեան Եորղոս Եորղիուի հետ:
Եւրոխորհդարանականներուն կողմէ զեկուցուեցաւ Եւրոխորհրդարանի մէջ քննութեան ենթարկուած հարցերու մասին, ընթացքի մէջ գտնուող
աշխատանքները, ինչպէս նաեւ համադրուեցան Կիպրոսի մէջ Հայ դատի համար տարուելիք աշխատանքները:
Ֆրանսա
Հայկական Բանակի Օրուան Նշում
Կազմակերպութեամբ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, 30 յունուարին «Սերքլ նասիոնալ տէ զ՛արմէնի» պատուոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական բանակի հիմնադրութեան 28-ամեակին նուիրուած երեկոյթ: Հանդիսաւոր ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաճեանի եւ ռազմական կցորդ գնդապետ Մհեր Մանուչարեանի հրաւէրով:
Երեկոյթին բացումը կատարեց Յասմիկ Տոլմաճեան, որ յատկապէս ընգծեց կարեւորութիւնը հայոց բանակին` իբրեւ հայկական պետականութեան պաշտպանութիւնը երաշխաւորողը, որ Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն անմիջապէս ետք կազմաւորուեցաւ եւ դիմակայեց Ազրպէյճանի յարձակումներուն, յաղթանակներ արձանագրեց արցախեան ճակատին վրայ:
Ցուցադրուեցաւ նաեւ բանակին նուիրուած տեսանիւթ մը:
Յայտնենք, որ առաջին անգամն էր, որ հայկական բանակի օրը կը նշուէր Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ: Նախաձեռնութիւն մը, որ կը համախմբէր բովանդակ հայ համայնքը` առանց բացառութեան, անկախ իւրաքանչիւրի քաղաքական հակումներէն: