Իտալական մարզական մամուլը անցնող քանի մը օրերուն անդրադարձաւ դժգոհութեան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Եուվենթուսի մարզիկներուն մեծ մասին, որոնք կ՛ուզեն ակումբին մարզիչ Մաուրիցիօ Սարիի պաշտօնազրկումը:
Նախորդ շաբաթավերջին Եուվենթուսի կրած պարտութիւնը` Վերոնայէն (23-րդ հանգրուան), դժգոհութեան բաւական մեծ ալիք բարձրացուց մարզիկներուն, ինչպէս նաեւ ակումբին համակիրներուն մօտ:
«Լա Ռեփուպլիքա» կը յայտնէ, որ եթէ Եուվենթուս շարունակէ յաւելեալ կէտեր կորսնցնել, ակումբին նախագահը` Անտրէա Անիելի պիտի պաշտօնազրկէ Սարին: