«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած 9 ճակատումներուն, արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող, ինչպէս նաեւ արեւմտեան շրջանի առաջին դիրքը գրաւող խումբերը յաղթանակներ արձանագրեցին:
Միլուոքի Պաքս (արեւելեան շրջանի առաջին) արձանագրեց իր 46-րդ յաղթանակը` իր դաշտին վրայ պարտութեան մատնելով Սաքրամենթօ Քինկզին` 123-111 արդիւնքով:
Ինչ կը վերաբերի Լոս Անճելըս Լէյքըրզին (արեւմտեան շրջան), անիկա արձանագրեց իր 40-րդ յաղթանակը` 125-100 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Ֆէոնիքս Սանզին: Անթոնի Տէյվիս (Լէյքըրզ) նշանակեց 25 կէտ:
Հակառակ Տոմանթաս Սապոնիսի իրագործած թրիփըլ-տապըլին (23 կէտ, 10 ռիպաունտ, 11 էսիսթ), անոր կազմը` Ինտիանա Փէյսըրզ, կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 106-105 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Պրուքլին Նեթցէն:
Երկրին գործող ախոյեանը, Թորոնթօ Ռեփթըրզ` 137-126 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Մինեսոթա Վուլվզին: Փասքալ Սիաքամ (Ռեփթըրզ) նշանակեց 34 կէտ, իսկ Քարլ – Անթոնի Թաունզ (Վուլվզ) 23 կէտ:
Արեւմտեան շրջանի վերջին դիրքին վրայ գտնուող, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կրեց տարեշրջանի իր 42-րդ պարտութիւնը, իր հիւրէն` Մայեմի Հիթէն` 113-101 արդիւնքով: Յաղթական կազմէն, Ճիմի Պաթլըր նշանակեց 21 կէտ:
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (փակագիծերուն մէջ նշուած են անոնց արձանագրած արդիւնքները. սկիզբը` յաղթանակ, ապա` պարտութիւն).
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ (33-21) – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ (37-16)
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ (18-33) – Շիքակօ Պուլզ (19-35)
Նիւ Օրլինզ (22-31) – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ (25-29)
Օքլահոմա Սիթի (32-21) – Սան Անթոնիօ Սփըրզ (22-31)
Հիուսթըն Ռոքեթց (33-20) – Պոսթըն Սելթիքս (37-15)