Ուզայիի ոստիկանատան մէջ երէկ յետմիջօրէին պատահեցաւ զինեալ միջադէպ մը, որուն ընթացքին սպաննուեցաւ ոստիկանատան պատասխանատու հազարապետ Ժալալ Շրէյֆը, ու վիրաւորուեցան Աւագ աժիւտաններ Զիատ Աթթարը եւ Ալի Ամհազը:
Նկատի ունենալով, որ երէկ բանտարկեալներու այցելութեան օր էր, Հասան Հասան անունով քաղաքացի մը ուղղուեցաւ Ուզայիի ոստիկանատուն այցելելու համար իր եղբօր` Հիւսէյն Հասանի:
Այցելութեան ընթացքին երկու եղբայրները ունեցան բանավէճ մը, որուն պատճառով հազարապետ Ժալալ Շրէյֆ գնաց անոնց մօտ հանդարտեցնելու կացութիւնը, սակայն Հասան Հասան իսկոյն Շրէյֆի մէջքէն խլեց անոր ատրճանակը եւ աջ ու ձախ փամփուշտներ արձակելու ընթացքին սպաննեց Շրէյֆը եւ վիրաւորեց երկու ուրիշներ, ապա անձնասպան եղաւ:
Ուզայիի ոստիկանատան մէջ գտնուող 32 բանտարկեալներէն 28-ն այդ ընթացքին փախուստ տուին. սակայն անոնցմէ 15-ը դարձեալ ձերբակալուեցան, որոնց մէջ նաեւ Հիւսէյն Հասանը, իսկ ապահովութեան ուժերը հետապնդումի արշաւի մը նախաձեռնեցին` մնացեալը ձերբակալելու նպատակով:
Զինուորական ատեանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Փիթըր Ժերմանոս այցելեց Ուզայիի ոստիկանատուն, ուր հաստատեց, որ այս միջադէպին հիմնական պատճառը ոստիկանատուներուն մարդաշատ ըլլալու վիճակն է:
Երեկոյեան ժամը 8:30-ին ոստիկանատուն այցելեց Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը, որ հաստատեց, թէ զինեալ այս միջադէպին մասին հետաքննութիւն բացուած է` իր կարգին աւելցնելով, որ ոստիկանատան մարդաշատ ըլլալը պատճառ դարձաւ նման միջադէպի:
Պատասխանելով ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ արձանագրուած բախումներուն վերաբերող հարցումի մը` Օսման ըսաւ, որ 17 հոկտեմբեր 2019-էն ի վեր ներքին ապահովութեան ուժերու 800 անդամներ վիրաւորուած են:
Անդրադառնալով ցուցարարներուն նկատմամբ ապահովութեան ուժերուն վարուելակերպին` Օսման ըսաւ. «Ժողովրդային շարժումը կը պահանջէ երկրին աշխատանքը կանոնաւորել, իսկ երբ մենք մեր պարտականութիւնները կը կատարենք, գետնի վրայ աշխատանքը կանոնաւորած կ՛ըլլանք»:
Վարչապետ Հասսան Տիապ խստիւ դատապարտեց Ուզայիի ոստիկանատան զինեալ միջադէպը` հաստատելով, որ երկրին ապահովութիւնը կարմիր գիծ է, ինչպէս նաեւ ընդգծելով, որ պետութեան հանգամանքը ոչ մէկ ատեն տկար դուրս պիտի գայ:
Ան շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերը պետութեան պատկերը կը ներկայացնեն` աւելցնելով, որ պահանջուածը այն է, որ քաղաքացիները լիբանանեան պետութեան շուրջ համախմբուին եւ պետական հաստատութիւնները պաշտպանեն:
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի օրինազանցները սանձելու:
Ան կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց ապահովութեան ուժերուն, ցաւակցութիւն` նահատակներուն պարագաներուն, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն: