Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Շինքըր շեշտեց, որ մօտիկ ապագային Լիբանան այցելութեան նշոյլներ չկան` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի կարգ մը դաշնակիցներուն դէմ կրնան որդեգրուիլ ամերիկեան նիւթական պատժամիջոցներ:
Շինքըր յայտնեց, որ ինք կը փորձէ Լիբանանի մէջ գործել այնպէս, ինչպէս տարի մը առաջ Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ կը գործէր:
Ան տեղեկացուց, որ Սաթըրֆիլտ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանագնացն էր: «Համաձայնութիւնը գրեթէ ամբողջական է, եւ ամերիկեան կառավարութիւնը կը սպասէ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը վաւերացնէ այդ համաձայնութեան վերաբերող կէտ մը: Այդպիսով կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններու վերսկսիլ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք խանդավառ է իբրեւ անկողմնակալ միջնորդ սկսելու իր աշխատանքին:
Շինքըր շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին համար կարեւոր են Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան սկզբունքները` հաստատելով, որ Լիբանան պէտք է ինքզինք փրկէ իր դիմագրաւած տնտեսական տագնապէն:
«Մենք պիտի սպասենք տեսնելու համար, որ կառավարութիւնը դժուար որոշումներ պիտի տա՞յ, իսկ Ուաշինկթըն «Դարու գործարք»-ի գործադրութեան իբրեւ քայլ, Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան վրայ ճնշումներ պիտի չբանեցնէ` պաղեստինցի գաղթականները բնակեցնելու առումով», ըսաւ ան: