Համազգային Պուրճ Համուտ
Հաւաքական Զրոյցին (Տիալոկ) Թեքնիքը
Զեկուցող Գարեգին Եպս. Սարգիսեան
Չորրորդը` Պուրճ Համուտի հերթական զրոյցին.
«Հաւաքական զրոյցին թեքնիքը»: Այլ խօսքով` ՏԻԱԼՈԿ-ին թեքնիքը:
– Ի՞նչ է տիալոկը: Թարգմանութիւնը այս բառին պիտի չկրնայ բուն իմաստը տալ: Հետեւաբար ըսենք` երկու անձերու միջեւ կատարուած զրոյց, միտքերու փոխանակում: Միտքի հաղորդագրութեան պահ:
Բայց կայ տիալոկին հոգեբանութիւնը: Ինչպէ՞ս պէտք է կատարուի երկու անձերու միջեւ եղած այս գաղափարներու կամ կարծիքի փոխանակութիւնը: Մէկուն գաղափարը պէտք է յաղթական հռչակուի, իսկ միւսինը` պարտեա՞լ: Բնա՛ւ երբեք. այդ չէ ՏԻԱԼՈԿ-ին առաջադրած բարոյական եզրակացութիւնը:
Գարեգին սրբազան այնքան գեղեցիկ սահմանումներ գտաւ տիալոկ-ին բնոյթը բացատրելու համար, որ ներկաները պահ մը հաւատացին, եւ թերեւս այդ էր ճշմարտութիւնը, որ առանց տիալոկի կարելի չէ այլեւս հասկացողութեան մը գալ ընկերային, քաղաքական, մշակութային կամ դիւանագիտական հարցերու խաղաղ լուծման համար:
Սահմանելով 20-րդ դարու ձգտումը` զեկուցաբեր սրբազանը ըսաւ. «Մարդը մարդով աւելի մարդ ըլլալու ձգտումին մէջն է 20-րդ դարը»:
20-րդ դարը դիւրացուց տիալոկին ձգտումը: Այս մասին կայ յունական սահմանումը. «Մարդը ապրող բան մըն է, որ կարող է խօսքի»: Խօսքը բանալին է մարդուն: Կան միջոցներ, որով մարդ ինքզինքը կ՛արտայայտէ: Տիալոկը այդ միջոցներէն ամէնէն ազդուն եւ տրամաբանականն է:
Տիալոկին շարժումը այսօր տեղ գտած է եկեղեցական աստիճաններէն մինչեւ քաղաքական, մշակութային, ընկերային կալուածին մէջ:
* * *
Տիալոկը յունարէն բառ մըն է: Տիալոկի գնահատումը: Վաճառականական տոմարի մը հաւասարակշռութիւնը պահելու համար տրուած իմաստ: Ներկայի իմաստով, հաւաքական այն ճիգն է, որով մարդիկ իրարու հետ, իրարմով կը հասնին ճշմարտութեան գիւտին: Ճշմարտութեան գինը կտրել…
Պղատոն իր գործերը գրած է տիալոկով: Հոս կը նշմարուի փոխադարձ ճիգ մը` հասնելու ճշմարտութեան: Գաղափարի բռնադատում, պարտադրանք չի կրնար հանդուրժել տիալոկը: Ան դիւանագիտական կամ բանակցութեան ճամբով ստեղծուած կապը չէ, ոչ ալ` փաստաբանական, առանց համոզումի դատ մը պաշտպանելու համար եղած հակաճառութիւն: Պարզապէս գաղափարի անկեղծ փոխանակութիւնն է: Հոն, ուր դիւանագիտութիւնը մտաւ, տիալոկը մեռաւ: Տիալոկը կ՛ապրի միայն անշահախնդիր, դիմացինին կարծիքն ալ յարգելու սկզբունքին մէջ: Ու ասոր համար կողմերը պէտք է ըլլան մտաւորական հաւասար բարձրութեան մը վրայ: Ոչ մէկը տկար, եւ միւսը` զօրաւոր:
Մեր մէջ տիալոկի գրականութիւնը չէ զարգացած: Կարելի է յիշել միայն Շահան Պէրպէրեանը, որ փորձեց տիալոկի գրականութիւնը աշակերտի եւ ուսուցիչի մասին:
Տիալոկը, ըստ իս, կը պահանջէ վեց կարեւոր կէտեր, որոնց կիրարկումով կարելի է հասնիլ արդիւնաւոր ելքի:
Ա.- Մէկը երբ տիալոկի կը նստի ուրիշին հետ, պէտք է նախ ըլլայ ինքզինք: Պէտք է յստակ տեսակէտները ունենայ: Նախ` խօսի ինքն իրեն հետ, յետոյ` միւսին: Տիալոկը նախ ՄՈՆՈԼՈԿ է, յետոյ ՏԻԱԼՈԿ:
Բ.- Դառնալ դէպի միւսը. դառնալ անձէդ եւ ականջ տալ միւսին` արժէք տալ խօսակիցին, այլապէս ՏԻԱԼՈԿ չ՛ըլլար:
Գ.- Յստակ զատորոշում կատարել մէկ կողմէ ճշմարտութեան եւ միւս կողմէ` անձնական համոզումին միջեւ: Պէտք է նկատի ունենալ միշտ, որ կողմերը ունին իրենց համոզումները: Պէտք է քաջութիւնը ունենալ ընդունելու դիմացինին կարծիքը:
Տիալոկին մէջ միայն միտք չի դրուիր, այլ նաեւ անձը` ամբողջութեամբ: Երբեմն կը կարծենք, որ ճշմարտութիւնը միայն բանականութեան մէջ է, տրամաբանութեան մէջ, նիւթական աշխարհին մէջ, այս ճիշդ է, սակայն կայ նաեւ միւս երեսը. մարդկային աշխարհը, առանց որուն` տիալոկը թերի է, ձախող:
Դ.- Տիալոկին մէջ մտնող մարդը պէտք է քաջութիւնը ունենայ ընդունելու, որ կրնայ սխալիլ: Եթէ կը կարծէք, թէ մեր գիտցածը փոփոխութեան պէտք չունի, այն ատեն տիալոկի ալ պէտք չունինք: «Թռչի նէ ալ էծ է»-ի յամառութիւնը հոս չի կրնար արժէք ունենալ:
Ե.- Ըլլալ ամբողջապէս անկեղծ, չքողարկել ապրումը` հաճելիութեան, քաղաքավարութեան սիրոյն. ատիկա դերասանութիւն պիտի ըլլայ: Տիալոկը պէտք է ըլլայ իբրեւ անվարագոյր խօսակցութիւն:
Զ.- ՏԻԱԼՈԿԸ յաջող է, երբ տեղ մը չի յանգիր եւ չյանգելուն համար ալ չի վերջանար: Տիալոկը միշտ բաց պէտք է պահել, պէտք չէ անոր ճամբան փակել, ապա թէ ոչ ինքզինք կը ժխտէ:
ՏԻԱԼՈԿԸ շատ կարեւոր է ազգային կեանքի մէջ: Մեր ազգային կեանքին մէջ մենք տակաւին տիալոկ չենք կրնար ընել:
Եզրակացութիւն.-
Տիալոկի պարագային, շահողը կամ կորսնցնողը կ՛ըլլայ ճշմարտութիւնը:
——————————–
ՕՐԱՏԵՏՐ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 12
– 1286 – Վախճանում Յակոբ Ա. Կլայեցի կաթողիկոսին, գիտնական, հռետոր, մեկնիչ ու բանաստեղծ:
– 1741.- Վախճանում Պոլսոյ Յովհաննէս Թ. Կոլոտ բաշեղցի պատրիարքի:
– 1804.- Մահ գերմանացի փիլիսոփայ Իմմանուէլ Քանթի: Ծնած էր 1724-ին:
– 1818.- Զիլլի անկախութեան հռչակումէն:
– 1908.- Մահ արձակագիր, հրապարակախօս, գրական քննադատ եւ խմբագիր Արփիար Արփիարեանի: Ծնած էր 1851-ին: