Երկարատեւ ընդմիջումէ ետք, Հայաստան դարձեա՛լ ունեցաւ իր աղջկանց ֆութպոլի հաւաքականը, որ 7-9 փետրուարին կատարեց իր մարզական հաւաքը, այս գծով յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Մանուկ Սարգսեան, որ տղոց, տարիքային տարբեր հաւաքականներու հետ, աշխատելու մեծ փորձառութիւն ունի:
Նշենք, որ այս հաւաքին մասնակցեցան միայն Հայաստանի մէջ հանդէս եկող 28 ֆութպոլիստներ: Յառաջիկային, հաւաքականին պիտի միանան այլ ֆութպոլիստներ` արտասահմանէն: