Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի ժողովրդավարական կուսակցութենէն նախկին երեսփոխան Պարըշ Եարքատաշ քննադատած է երկիրի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմեթ Էրսոյի կինը` Փերվին Էրսոյը «Ինսթակրամ»-ի վրայ հրապարակած տեսանիւթի համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Կերեճեքկիւնտես» կայքը:
Հրապարակուած տեսանիւթին մէջ Փերվեն Անիի Ս. Աստուածածին կաթողիկէ եկեղեցւոյ խորանին վրայ կ՛երգէ ժամանակակից թրքական էսդրատային երգ, իսկ եկեղեցւոյ մէջ գտնուողները անոր կը ձայնակցին եւ կը ծափահարեն:
Եարքատաշ քննադատած է նախարարի կինը` մատնանշելով, որ ան կը զուարճանայ այն ժամանակ, երբ ամբողջ երկիրը սուգի մէջ է` կապուած Վանի մէջ 6 փետրուարին տեղի ունեցած ձիւնի սահանքին, որուն պատճառով մահացաւ 41 հոգի:
«Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ, զբօսաշրջութեան նախարար, «ԷՍԹ Թուր»-ի սեփականատէր Մեհմեթ Էրսոյի կինը` Փերվին Էրսոյը Կարսի Անի աւերակներուն մէջ գտնուող պատմական եկեղեցւոյ մէջ ընկերներու հետ կ՛երգէր, կը զուարճանար, մինչ Վանի մէջ 38 անձեր մնացած են ձիւնի տակ…», կը նշէ Եարքատաշ:
Էրսոյի փաստաբանները յայտարարած են, որ, թէեւ իրենց գործատունը տեղեակ էր ձիւնի սահանքի մասին, բայց եւ այնպէս այլեւս անկարելի էր ջնջել այցելութիւնը:
Եարքատաշ չէ նշած եկեղեցւոյ հայկական ըլլալը, սակայն աւելցուցած է, որ այդպիսի կեցուածք «դէմ է պատմական եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն եւ օրէնքներուն»:
Տեսանիւթը հրապարակումէն որոշ ժամանակ ետք ջնջուած է: Փաստաբանները դատի տուած են Եարքատաշը, իսկ Փերվան Էրսոյ հեգնանքով նշած է, որ պարզապէս կը ստուգէր եկեղեցւոյ ձայնային արձագանգի յատկութիւնը: