Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութիւնը կը միտի կառուցուածքային ամբողջական բարեկարգումներ իրագործել տնտեսական մարզին մէջ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի երկրին արտադրողական մարզերուն զօրակցութեան:
Ան շեշտեց, որ երկրագործական մարզին մէջ այս մօտեցումը առիթ պիտի տայ, որ անիկա հաւասարակշռութիւն յառաջացնէ Լիբանանի տնտեսական տարբեր մարզերուն հետ` վերջ տալով տնտեսական փլուզումին եւ անգործութեան:
«Լիբանանեան ընկերութիւնը բաղկացնող տարրերէն կը խնդրենք կարճ առիթ մը` սկսելու համար բարեկարգումի քայլերուն», հաստատեց Հըթթի:
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ Ֆարահ Պըրրի Քաթարի մէջ Լիբանանի դեսպանի գործակատար նշանակուած է, երբ ի յայտ եկած է, թէ լիբանանեան դեսպանատան մէջ աւազակութիւն արձանագրուած է, եւ դեսպանը Լիբանան կանչուած` հետաքննութեան ենթարկուելու համար:
Հաղորդագրութեան մէջ յստակօրէն շեշտուեցաւ, որ Ֆարահ Պըրրիի նշանակումը արտաքին գործոց նախկին նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ գաղտնի գործարք մը չէ եղած:
Հաղորդագրութեան մէջ ցաւ յայտնուեցաւ, որ նման տեղեկութիւններ եւ բեմագրութիւններ կը հրապարակուին` լիբանանեան հանրային կարծիքը շեղելու միտումով: