Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն իր հերթական նիստին քննարկեց յառաջիկայ տարի` փետրուար 2021-ին տեղի ունենալիք Համահայկական ձմեռնային 2-րդ խաղերուն կազմակերպման հարցերը:
Ժողովին ընթացքին նշանակուեցան համապատասխան ցամաքամասերու (ըստ երկիրներու, քաղաքներու) մասնագէտ-համակարգողները:
Հարաւային եւ հիւսիսային ամերիկացի եւ եւրոպական երկիրներու քաղաքային կոմիտէներու հետ տարուելիք աշխատանքներու համակարգող նշանակուեցաւ Սեւակ Կարապետեան, նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու հետ Անահիտ Մխիթարեան, ասիական երկիրներու` Եփրեմ Մկրտչեան, Միջին Արեւելքի` Հայկանուշ Նիկոյեան, եւ վերջապէս` Հայաստանի եւ Արցախի` Գէորգ Գալստեան:
Կատարուելիք աշխատանքներուն հոլովոյթի հսկողութիւնը վերապահուած է Համահայկական խաղերու կոմիտէի նախագահի խորհրդական Դերենիկ Գաբրիէլեանին: