Հայրենի կրանտմասթըր Սերկէյ Մովսիսեան իր լաւ ելոյթները կը շարունակէ «Պունտըսլիկա»-ի ճատրակի ախոյեանութեան մէջ:
Մովսիսեան, որ մաս կը կազմէ Պատեն – Պատեն խումբին, 4-րդ հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց:
Նախորդ հանգրուաններուն անոր կազմը արձանագրեց յաղթանակ մը եւ երկու հաւասարութիւն:
Այժմ Պատեն – Պատեն 8 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը: