Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն եւ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իրաւարարները, եւ հսկիչները մեկնեցան Անթալիա` ուսումնամարզական հաւաքի մը մասնակցելու համար:
Այս հաւաքին յատուկ դասախօսութեամբ մը ելոյթ պիտի ունենայ ՖԻՖԱ-ի ներկայացուցիչ Վալենթին Իվանով:
Բացի հաւաքին մասնակցելէ, իրաւարարներուն առիթ պիտի տրուի այդտեղ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն սուլելու: