Իրան պատրաստ է միջնորդութիւն կատարելու Իտլիպի մէջ իրավիճակի լոյսին տակ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական տարակարծութիւններու լուծման գործին մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդին մէջ նիստի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մնայուն ներկայացուցիչ Մաժիտ Թահթ-Ռաւանժի:
«Ըլլալով Ասթանայի ձեւաչափի երաշխաւորներէն մէկը` Իրան պատրաստ է իբրեւ միջնորդ հանդէս գալ, որպէսզի իր աւանդը բերէ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ Իտլիպի մէջ իրավիճակին առնչուող ներկայ տարակարծութիւններու քաղաքական լուծման գործին մէջ:
«Ասթանայի ձեւաչափի երաշխաւորներու յառաջիկայ վեհաժողովը, որ մօտիկ ապագային պէտք է տեղի ունենայ Թեհրանի մէջ, Սուրիոյ իրավիճակի համապարփակ քննարկման էական կարելիութիւն է», յայտարարած է Թահթ-Ռաւանժի:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երկուշաբթի օր յայտարարած էր, որ 5 թուրք զինուորներ եւ քաղաքային անձնակազմի աշխատակիցներէն մէկը սպաննուած են Իտլիպի մէջ սուրիական բանակի ռմբակոծումին պատճառով:
Աւելի ուշ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր, որ սպաննուած են 5 զինուորականներ եւ 3 քաղաքացիներ: Ան աւելցուցած էր նաեւ, որ իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինին կոչ ուղղած է ճնշում գործադրելու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վրայ, որպէսզի սուրիական բանակը Իտլիպ նահանգին մէջ յարձակումը դադրեցնէ եւ փետրուարին ետ քաշուի թրքական հսկողութեան կէտերէն` հակառակ պարագային սպառնալով զինուորական պատասխան տալ: