ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց նախկին նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու Ժիպէյլի կարիքները:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր երէկ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու համար լիբանանեան բանակին որդեգրած միջոցառումներուն մանրամասնութիւնները:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ղազի Ուազնի երէկ ընդունեց Միջազգային դրամատան Արեւելեան երկիրներու բաժանմունքի տնօրէն Սարուժ Քումարժան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական-ելեւմտական տագնապը: Քումարժա յայտնեց, որ Լիբանանի տնտեսական տագնապը կարելի է դիմագրաւել միայն մէկ միջոցով, որն է քաղաքական ամուր կամքը: Ան նշեց, որ կառավարութիւնը պէտք է ներկայացնէ ձգտումներով լեցուն բարեկարգումի ծրագիր մը` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են օժանդակութեան:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի ընդունեց նախկին նախարար Սեզար Ապի Խալիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` քաղաքական, տնտեսական եւ ելեւմտական մակարդակներու վրայ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է յաջողի` աւելցնելով, որ իրենք պիտի հսկեն կառավարութեան աշխատանքին եւ հաշուետուութեան կանչեն զայն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մահմուտ Քումաթի շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը ոչ ոքի դէմ է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ Հըզպալլա լուծած է «Սարայա Մուքաուամա» կոչուած իր միլիսները` հիմնելու համար այլ կազմակերպութիւն մը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան երկու օդանաւեր երէկ գիշեր խզած են լիբանանեան օդային սահմանները` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան տարբեր շրջաններու վերեւ, ինչպէս` հարաւային Լիբանանը, Արեւմտեան Պեքաան, Ռըմէյշը, Տամուրը, Պէյրութն ու Պաթրունը:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Փիթըր Ժըրմանոս երէկ յայտնեց, որ ինք իր պաշտօնէն պիտի հրաժարի` ընտանեկան պատճառներով:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Հըզպալլա կառավարութեան վստահութեան քուէ պիտի շնորհէ, որովհետեւ ան արժանի է գործելու առիթ ունենալու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը վայրի եւ ժամանակի իմաստով անհեթեթ է, եւ զայն կարելի է կոչել կատարեալ ձախողութիւն մը:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ ՈՒԵՊ»-ի համաձայն, Մուսթաքպալ պլոքը շատ հաւանաբար կը մերժէ իր վստահութեան քուէն շնորհել կառավարութեան` նկատի ունենալով, որ անոր մշակած աշխատանքային ծրագիրը չի դրսեւորեր 17 հոկտեմբերի ժողովրդային շարժումին պահանջները: Նոյն կայքին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի որոշած է ուրբաթ, 14 փետրուար 2020-ին, «Պիել»-ի մէջ տեղի ունենալիք իր հօր` Ռաֆիք Հարիրիի եւ անոր ընկերակիցներուն նահատակութեան15-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկը փոխադրել Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանը: Կը նախատեսուի, որ այս առիթով Սաատ Հարիրի արտասանէ պատգամ մը: