ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Յօդուածի առաջին մասը կը ներկայացնէր պարագրութեան պատմականն ու ձեւաչափերը, ինչպէս եւ պարի բնագիտութեան տարրեր (տես «Ազդակ», 29 հոկտ. 2019): Այստեղ կ՛ուզեմ անդրադառնալ ընկալման դրոյթի մը (hypothesis), որ հիմնուած է «հայելի ջղաբջիջներու» (mirror neuron) գործունէութեան վրայ: Այդ կրնայ օգտակար ըլլալ հասկնալու համար կատարողի եւ հանդիսատեսի միջեւ գոյացող ներզգայնութիւնը (empathy), որ էական է ընկալման համար: Ջղագիտութիւնը թափ առաւ 90-ական թուականներուն, երբ բաւարար կարողութեամբ ուղեղը «նկարելու» գործիքներ եւ համակարգիչներ մատչելի դարձան:
Հաշուաբանական.- Հոգեբանական տեսութիւնները կը յատկանշուին բուռն բանավէճերով: Այդ երեւոյթի հիմնական պատճառը ոլորտի խրթնութիւնն է: Ներկայ ամենահզոր համակարգիչներն իսկ կարող են վերլուծել միայն կարգ մը որդերու (Asplanchna brightwellii) շուրջ երկու հարիւր ջղաբջիջներէ (neuron) կազմուած ուղեղները: Մինչդեռ մարդու ուղեղը կազմուած է, միջին հաշուով, 86 միլիառ բջիջներէ: Բարդութեան մասին գաղափար կազմելու համար կու տամ հետեւեալ հաշուարկը. երկու բջիջ կապելու համար ունինք երկու ընտրանք` կապել կամ չկապել: Երեք բջիջ կարելի է կապել 8 ձեւով (Ոչ մէկ կապ` 1+ մէկ կապ` 3 + երկու կապ` 3 + բոլորը կապուած` 1= 8: Թուաբանականօրէն` 2^3=8): Վեց բջիջ կարելի է կապել 64 (=2^6) ձեւերով եւ այլն: Մարդկային ուղեղի բջիջները կապելու բոլոր կարելի ձեւերը աւելի են քան 10 աւելցուած… միլիառ զերօ, գերաստղաբաշխական թիւ մը: Ուղեղի բջիջները իրարու նման չեն: Ցարդ յայտնաբերուած են հարիւրաւոր տեսակներ: Այդ ի հարկէ աւելի եւս կը բարդացնէ հաշուարկը: Հետազօտողներ պարտադրուած են կատարել պարզացնող ենթադրութիւններ (hypothesis) եւ ապա փորձարկել զանոնք՝ ըստ կարելւոյն գիտականօրէն: Պարզեցուած ենթադրութիւնները ենթակայ են խիստ քննադատութեան: Սկզբնական շրջանի բուռն խանդավառութիւնը այժմ չափաւորուած է: Նախորդ դարերուն կատարող-հանդիսատես կապը նմանեցուած էր «կախարդական», «մագնիսական» ձգումի, որովհետեւ բեմը հանդիսատեսը կը ներքաշէ «հեռուէն», առանց ֆիզիքական հպումի: Ոլորտը տակաւին մշուշապատ է, այսուհանդերձ, հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ջղագիտութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ օգնել` հասկնալու բեմի «մագնիսականութիւնը»:
Չափումներ.- Ուղեղի գործունէութիւնը կարելի է չափել առնուազն վեց ձեւերով: Առանձին հայելի ջղաբջիջներու արձակած նշանները արձանագրելու համար հարկ է առնուազն 2 օր ուղեղին մէջ խրուած պահել քանի մը տասնեակ ելեկտրասայրեր (electrode): Փորձերը գրեթէ բացառաբար կը կատարուին մաքաք կապիկներու վրայ: Մարդկային ուղեղը ի հարկէ աւելի զարգացած է: Կարգ մը փորձեր սահմռկեցուցիչ են, համազօր` տանջամահութեան: Տես կողքի Ք-ճառագայթ նկարը: Անասուններու պաշտպան ընկերութիւններ կը բարձրաձայնեն այդ ուղղութեամբ:
Մարդկային ուղեղի վրայ նման չափումներ կը կատարուին միայն այն պարագային, երբ ենթական առողջական պատճառներով պարտաւորուած է ենթարկուելու ուղեղի վիրաբուժութեան: Թերեւս տեղի կ՛ունենան նաեւ կամազուրկ մարդոց վրայ կատարուած ապօրինի փորձեր, որոնք ի հարկէ չեն հրապարակուիր:
Ջղաբջիջներու տրամագիծը կը տարուբերի 0.004-էն 0.1 միլլիմեթրի միջեւ, իսկ յատուկ ելեկտրասայրերու տրամագիծը` անհաւատալիօրէն փոքր 0.0001-էն 0.01 միլլիմեթր: Անոնք կրնան չափել ելեկտրական թրթռացումի (ալիք, pulse) լարումը (voltage), որ առաւելագոյնս 0.07 վոլթ է եւ կը տեւէ քանի մը հազարերորդ երկվայրկեան millisecond) (տես կողքի գծանկարը)
Մարդկային ուղեղի աշխատանքը անվնաս ձեւով չափելու երկու հիմնական միջոցներ կան: Ուղեղի «կեղեւի» (cerebral cortex) արձակած ելեկտրական նշանները կարելի է չափել գլխու մաշկին վրայ զգայակներ (sensor) զետեղելով (EEG) (1): Երկրորդ ձեւը մագնիսական թրթռացումներու (fMRI) (2) միջոցով կ՛որոշէ թթուածինով հարուստ արեան առկայութիւնը ուղեղի զանազան մասերուն մէջ: Գործօն մասերը կը պահանջեն յաւելեալ թթուածին (3): Երկու մեթոտներն ալ անօգուտ են հայելի ջղաբջիջներու գործունէութիւնը ուսումնասիրելու համար: Հայելի ջղաբջիջները չե՛ն գտնուիր ուղեղի կեղեւին մէջ, իսկ մագնիսական մեթոտը կրնայ զատորոշել շուրջ 1 միլլիմեթր խորանարդ, ուր կրնան գտնուիլ 60 հազար բջիջներ: Բացի այդ` արեան հոսքը կրնայ պահանջել քանի մը երկվայրկեան, մինչդեռ, ինչպէս գծապատկերը ցոյց կու տայ, բջիջի ալիքը ատկէ շուրջ հազար անգամ աւելի արագ է: Մագնիսական մեթոտով կարելի է տեսնել, թէ ուղեղի ո՛ր բաժինները գործօն են այդ պահուն: Իսկ, ինչպէս նշեցի, առանձին ջղաբջիջներու գործունէութիւնը առ այժմ կարելի չէ անվնաս ձեւով չափագրել:
Պատմական.- 1980-ական թուականներուն իտալացի ջղագէտ Ռիզոլաթթի նկատեց, որ կապիկներու ուղեղին մէջ կան բաժիններ, որոնք կը «կրակեն», ե՛ւ երբ կապիկը որոշ շարժում մը կ՛ընէ (ինչպէս` պանան մը բռնել) ե՛ւ երբ կը տեսնէ, որ նոյն շարժումը կը կատարուի ուրիշի մը կողմէ: Այս պատճառով ընտրուած է «հայելի ջղաբջիջներ» անուանումը (4): Ջիղերու այս հակազդեցութիւնը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ գործողութիւնը նպատակադրուած ըլլայ, ոչ անիմաստ: Ենթական կը գուշակէ շարժումի «մտադրութիւնը»: Ներզգայնութիւն չ՛արձանագրուիր, երբ ենթական կը դիտէ վերացական «մնջախաղային» շարժումներ (5): Հայելի ջղաբջիջներու հակազդեցութիւնը կը նուազի, երբ շարժումը կրկնուի (6): Տեսերիզներու ցուցադրութիւնը նոյն ուժգնութեան հակազդեցութիւն չի յառաջացներ: Այս մասին կայ բանավէճ:
Կ՛ենթադրուի, որ այդ բջիջներուն մէջ կը կազմուի տուեալ ծանօթ գործողութեան «քարտէսը»: Արտաքին գործողութիւնը կը «ցոլանայ» հայելի ջղաբջիջներուն մէջ: Կապիկը կը «հասկնայ» գործողութիւնը: Կ՛ենթադրուի, թէ ա՛յդ կը կազմէ ներզգայնութեան ֆիզիքական հիմքը (մեքանիզմը):
Ուշագրաւ է, որ ներզգայնութիւն կ՛արձանագրուի նաեւ «ենթադրեալ» շարժումներու պարագային: Այսինքն, երբ ենթական կը կարծէ, որ գուշակած է իր դիտած շարժումի նպատակը (7): Այս ի հարկէ էական է բոլոր բեմական կատարումներու պարագային: Սրահը կը «գուշակէ», թէ ի՛նչ պիտի կատարուի յաջորդ պահուն: Այս էական է նաեւ բեմապարի պարագային: Այս նիւթին անդրադարձած եմ յօդուածի առաջին մասին մէջ:
Բայց ամէն ինչ պարզ է: Ինչպէս կողքի գծանկարը ցոյց կու տայ, կազմուած պատկերը կարիք ունի, մկաններէն ստացուած «պատասխանի»: Բացի այդ` մարմնին մէջ կան «ինքնավար» ջղային կեդրոններ: Որովայնային «ուղեղը», օրինակ, աւելի մեծ թիւով ջղաբջիջներ ունիք, քան` ողնածուծը (8): Այս է հիմքը այն դրոյթին, որ մենք ամբողջ մարմնով կը «մտածենք», ոչ միայն ուղեղով, թէ` մեր որոշումները առաջին հերթին կը հիմնուին զգացումներո՛ւ վրայ: Մարմնէն մեկուսացուած ուղեղ մը կարող չէ լիարժէք գիտակցութիւն ունենալ: Այս հիմնովին կը ջրէ Տեքարթի (René Descartes, 1596-1650) ձեւաւորած անջատ միտք-մարմին երկուութիւնը (dualism): Մարդանման էակները կազմուած են առնուազն երեք միլիոն տարի առաջ, մինչդեռ ձեւական տրամաբանութիւնը` վերջերս, լոկ քանի մը հազար տարի առաջ ներմուծուած «նորարարութիւն» մըն է:
Ինչպէս գծանկարի սլաքները ցոյց կու տան, ուղեղի բազմաթիւ մասեր կը մասնակցին շարժումի քարտէսի կազմութեան: Այդ պատճառով ներզգայնութիւնը պէտք չէ բացառապէս հայելի ջղաբջիջներու գործունէութեան վերագրել: Այս էր այն հիմնական առարկութիւնը, որ սկզբնական պարզապաշտ ուսումնասիրողները մղեց աւելի զգուշ եւ հանդարտ մօտենալու երեւոյթին: Այս նիւթին շուրջ կան հարիւրաւոր ուսումնասիրութիւններ: Ի հարկէ` ոչ բոլորը լրջախոհ:
Կատարողական փորձեր.- Ինչպէս վերը յիշած եմ, մարդկային ուղեղներու մէջ ելեկտրասայրեր խրել արտօնելի չէ, այդ պատճառով չափումները գլխաւորաբար կը կատարուին մագնիսական դաշտի միջոցով (fMRI)(9): Բայց այդ կրնայ միայն ցոյց տալ, թէ ուղեղի ո՛ր ենթամասը գործօն է: Կարելի չէ զատորոշել առանձին ջղաբջիջներ:
Պիտի նշեմ երեք սեռի փորձեր.
Առաջին ձեւաչափի փորձերուն մէջ նոյն պարային շարժումները կը դիտեն երկու խումբի մարդիկ: Անոնք, որոնք ծանօթ են շարժումին, եւ անոնք, որոնք անծանօթ են: Օրինակ` սկսնակ եւ արհեստավարժ բեմապարողներ եւ կամ արու եւ էգ արհեստավարժ բեմապարողներ: Երկրորդ պարագային պարզ է, որ պարողը ծանօթ է միւս սեռի շարժումներուն, բայց անձնապէս չէ կատարած զանոնք: Արդիւնքները ցոյց կու տան, որ հայելի ջղաբջիջներու հակազդեցութիւնը յստակօրէն աւելի ուժեղ է, երբ ենթական կատարա՛ծ է տուեալ շարժումը (10):
Կողքի նկարը ցոյց կու տայ երկրորդ սեռի մագնիսական չափումներ (fMRI), երբ պարուհին կը կատարէ փոքրիկ քառակուսիին մէջ ցոյց տրուած ձախ (Ձ) եւ աջ (Ա) ոտքերու շարժումները` երաժշտութեան ընկերակցութեամբ (11): Ապա նոյն շարժումները` կը կատարեմ «մտային», առանց ոտքերը շարժելու: Փորձը ցոյց կու տայ, թէ ուղեղի ո՛ր մասերը գործօն են երկու պարագաներուն: Նման փորձեր կը կատարուին նաեւ մարտական մարզանքներու վերաբերեալ, ուր եւս կան շարժումի որոշ ձեւաչափեր (12):
Երրորդ միջոցը (Positron Emission Tomography) ենթականերու ներզգայնութիւնը չափելն է, երբ անոնք իրապէս կը պարեն: Այդ հարկ է չափել որոշ հեռաւորութենէ: Այդ նպատակով ենթականերուն արիւնը կը սրսկուի նիւթերով, որոնք կազմող հիւլէներէն մին փոխարինուած է անոր շողարձակ տարբերակով (radioactive isotope): Այս չափումները կրնան ուսանելի ըլլալ, բայց անձնապէս կը խորշիմ անոնցմէ, որովհետեւ կը թունաւորեն մարմինը ե՛ւ շողարձակումի ե՛ւ հիւլէի փոխակերպումէն ետք գոյացած քիմիական նիւթին որպէս հետեւանք:
Բեմ եւ ջղագիտութիւն.- Կենսաբանական առումով, ներզգայնութիւնը անհրաժեշտ է խմբային միաւորներով ապրող յառաջակարգ էակներու (primates) գոյատեւման համար: Ինչպէս կապիկներու, այնպէս եւ մեր ուղեղները կազմաւորուած են գուշակելու խումբի այլ անդամներու զգացումները(13): Այս կը կատարուի գլխաւորաբար մարմնի՛ լեզուի միջոցով: Թերեւս այս է պատճառը, որ ջղագէտներ որեւէ առնչութիւն չեն գտներ խօսակցական լեզուի զարգացման եւ հայելի ջղաբջիջներու միջեւ (14): Հաւաքական ներզգայնութիւն կը ստեղծեն գերազանցաբար ծէսը, խմբապարը եւ թատրոնը: Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, անցեալին սրահը անբաղդատելիօրէն նուազ կոճկուած եւ պաշտօնական եղած է: Յոյներ կը հաւատային, որ թատրոնը կը ծառայէ հաւաքական հոգեկան «մաքրումի» (catharsis):
Ժամանակակից ջղագիտութիւնը ցոյց կու տայ, որ ընկալումը, ճանաչողութիւնը (cognition) «բնախօսական» է, գլխաւորաբար կու գայ մարմնի եւ անգիտակիցի միջոցով: Այս մասին կան դոկտորական աւարտաճառեր (15): Դերասանական դպրոցներ (ինչպէս Կրոթովսկի եւ այլք) այդ ըմբռնած էին: Սթանիսլաւսքի դերասանին կը թելադրէր գործի դնել անգիտակիցը: Սթանիսլաւսքի կը յուսար, որ գիտութիւնը օր մը կը հիմնաւորէ իր դրոյթները: Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ (16):
Անգիտակիցը ի հարկէ կը պարունակէ կեանքի փորձը, յիշողութիւնները: Բայց այստեղ կայ լուրջ հարց: Յիշողութիւնները կրնան վաւերական չըլլալ, որովհետեւ յարատեւօրէն կը վերախմբագրուին, կրնան նոյնիսկ յօրինուիլ: Այս նիւթին եւս նախապէս անդրադարձած եմ (17): Վաւերականի եւ ոչ վաւերականի խառնուրդը կրնայ ստեղծել նո՛ր իրականութիւն մը: Մարդիկ հակամէտ են ինքնախաբէութեան: Այդ ակնյայտ էր, օրինակ, վերջերս բեմադրուած «Կոմիտաս»-ի ընթացքին:
Ուսումնասիրութիւնը հիմնաւորած է նաեւ կատարողական ա՛յլ սկզբունք մը: Որպէսզի հանդիսատեսը կարենայ լիարժէք ներզգալ կատարուածը, հարկ է որ կատարողը ցոյց տայ ամբողջ գործողութիւնը` ոչ պարզապէս անոր վերջին հանգրուան, անոր «արդիւնքը» (8): Այդ կ՛ենթադրէ համապատասխան կշռոյթ: Դերակատարը կրնայ ի հարկին դիտմամբ թելադրել երկայութիւն, որպէսզի հանդիսատեսի ուղեղը անդադար «վերադասաւորուի» մէկ ենթադրութենէ դէպի միւս:
Ուղեղի վերադասաւորում.- Սկզբնական համեմատաբար պարզ փորձերը արհեստագիտութեան զարգացման հետ քայլընթաց կը փոխարինուին «դաշտային» փորձերով, ուր ենթական կը գտնուի աւելի «իրականանման» պայմաններու մէջ: Այս ուղղութեամբ կան բարձրագոյն աւարտաճառեր (19): Այս փորձերու ծիրէն ներս պարը յաճախ կը զուգորդուի որոշ մարզաձեւերու հետ, որոնք նոյնպէս ունին շարժումներ, զորս արհեստավարժ մարզիկներ կատարած են, բայց ուրիշներ` ոչ (20):
Պարը կը վերադասաւորէ ուղեղի զանազան մասերու ծաւալները, նաեւ` անոնց կազմուածքը եւ ջղային կապերը (axion). ինծի ծանօթ ամէնէն խօսուն փորձը այն է, երբ արհեստավարժ պարողներու եւ ոչ պարողներու ուղեղներու «ալիքները» կը բաղդատուին երբ անոնք կը դիտեն ծանօթ պարի մը տեսերիզը եւ կը փորձեն կրկնել շարժումները (21): Կողքի գծանկարը յստակօրէն ցոյց կու տայ տարբերութիւնը: Պարողները կը դառնան այլ մարդիկ:
Ինչպէս կը տեսնուի, ալիքները անկանոն են, այդ պատճառով կը բաժնուին չորս խումբերու` ըստ ալիքի միջին յաճախականութեան: Իւրաքանչիւր խումբ կ՛առնչուի որոշ վիճակի մը հետ: Ցոյց տրուած «Theta» խումբ ալիքի յաճախականութիւնը մօտաւորապէս 7Hz (ալիք/երկվ.) է: Նկատել, որ ալիքներու ուժգնութիւնը առաւելագոյնս 20 մայքրովոլթ է, այսինքն 0,00002 վոլթ: Նման փոքր նշաններու չափումը կը պահանջէ ոչ միայն յառաջացած ճարտարագիտութիւն, այլեւ` մեծ զգուշութիւն (22):
Հուսկ բանք.- Պարը մարդկային մշակոյթի մաս կազմած է նախապատմական ժամանակներէ ի վեր, բայց պարագիտութիւնը, առաւել եւս ջղագիտութիւնը շատ նոր մարզեր են: Պարը եւ թատրոնը կը յառաջացնեն հաւաքական ներզգայնութիւն եւ հետեւաբար էական դեր կը խաղան ընկերութեան մը շաղախը ամրացնելու մէջ (23): Այժմ ջղագիտութիւնը կու գայ նոր լոյս սփռելու այդ յարաբերութիւններու վրայ:
Շարունակելի
28 յունուար 2020
———————
1.- Electro-Encephalo-Gram
2.- Functional Magnetic Resonance Imaging
3.- Ուղեղը կը կազմէ մարմնի զանգուածի լոկ 2 տոկոսը, բայց կը սպառէ թթուածինի շուրջ 20 տոկոսը:
4.- Winerman L., «The mind՛s mirror», Monitor on Psychology, October 2005
5.- Hickok. G, «Eight Problems for the Mirror Neuron Theory of Action Understanding in Monkeys and Humans», Journal of Cognitive Neuroscience, July 21 2009
6.- Kilner J. M. and Lemon R. N., What We Know Currently about Mirror Neurons Current Biology Dec 2, 2013
7.- Patric Bach et al The affordance-matching hypothesis: how objects guide action understanding and prediction Frontiers in Human Neuroscience, May 2014
8.- Jacono et al «Theatre & Cognitive Neuroscience», 2016
9.- Functional Magnetic Resonance imaging, որ ներկայիս կրնայ զատորոշել 0.1 խորանարդ միլլիմեթր: Այդ կը պարունակէ առնուազն հարիւր ջղաբջիջ:
10.- Bettina Bläsing B. et al., «Neuro cognitive control in dance perception and performance», Acta psychologica Feb 2012
11.- Brown S., and Parsons M., «The Neuroscence of Dance» Sci. Am July, 2008
12.- Hyman I., «Listening to Music and Watching Dance Using Mirror Neurons», Psychology Today 9 Aug. 2012
13.- Haroush K. et al «Neuronal Prediction of Opponent՛s Behaviour during Cooperative Social Interchange in Primates», Cell ISSUE 6 March 12, 2015
14.- Mikulan EP et al «Homuncular mirrors: misunderstanding causality in embodied cognition», Frontiers of Human Neuroscience, 13 May 2014
15.- Kemp, R. J. «Embodied acting: cognitive foundations of performance», Doctoral dissertation, Univ. of Pittsburgh, 2010
16.- Կատարողական քառուղիներ Գ., ժամանակակից տեսութիւններ, «Ազդակ» 1 օգոստոս 2018
17.- Brassard, A «Mirror Neurons and the Art of Acting», MA Thesis, Concordia University, 2008
18.- «Յուշագիտութեան» զարգացումը, «Ազդակ», 19 մայիս 2016
19.- Տես, օրինակ, Poikonen Hanna, «Dance on cortex: ERPs and phase synchrony in dancers and musicians during a contemporary dance piece», դոկտորական աւարտաճառ, Հելսինքիի համալսարան, 2018
20.- Numan E et al, «Brain electrical activities of dancers and fast ball sports athletes are different», Cognitive Neurodynamics 9(2). April 2015
21.- Burzynska AZ et al The Dancing Brain: Structural and Functional Signatures of Expert Dance Training Front. Hum. Neurosci., 27 November, 2017
22.- Սովորական իրերու շփումները կրնան յառաջացնել քանի մը հազար վոլթ եւ նոյնիսկ կայծեր: Մեզմէ շատեր զգացած են այդ, երբ բրդեղէն մը իրենց վրայէն կը հանեն:
23.- Calvo-Merin B, «Neural Signatures of the Aesthetic of Dance» City University London, 2009