Հսկողութեամբ փինկ փոնկի միջազգային ֆետերասիոնին, Լիբանան իր մասնակցութիւնը բերաւ Ռիատի մէջ (Սէուտական Արաբիա) տեղի ունեցած կրտսերներու յատուկ բանակումի մը (12 եւ 15 տարեկանէն վար կրտսեր մարզիկներ):
Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Մալիք Թաուիլ (մարզիչ), Թալիա Ազար, Մոհամետ Պէյրութի (15 տարեկանէն վար), Եասմինա Հապաշ եւ Ռամեզ Տաքտուքի (12 տարեկանէն վար):
Այս բանակումէն ետք, հոն տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութիւնը:
Թալիա Ազար տիրացաւ ոսկի մետալի մը, մինչ Եասմինա Հապաշ` պրոնզի:
Անոնք երկուքը իրենց ձեռք ձգած այդ մետալներուն շնորհիւ ապահովեցին Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսերը: