Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականը 6-20 փետրուարին յատուկ ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Պոլսոյ մէջ` պատրաստուելու համար Պալքանեան երկիրներու աթլեթիզմի ախոյեանութեան, որ վարկանշային մրցաշարք է` Թոքիոյի ողիմպիականի խաղերուն համար:
Վերոնշեալ ախոյեանութեան հիւրընկալ երկիրն է Թուրքիա:
Այս ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն հետեւեալ 9 մարզիկները. Լեւոն Աղասեան, Արտակ Համբարձումեան, Տիգրան Մկրտչեան, Ռազմիկ Մկրտչեան, Մանուկ Մանուկեան, Եանա Աբրահամեան, Լիլիթ Յարութիւնեան, Մարիանա Բաւելեան, Մարիեթա Մինասեան:
Պատուիրակութեան նախագահն է Արսէն Պետրոսեան: