Երէկ միջազգային մարզական մամուլը յայտնեց, որ տարաձայնութիւններ շրջան կ՛ընեն, որ Ռուսիոյ դէմ սահմանուեցաւ պատիժ մը, ըստ որուն, անոր արգիլուեցաւ մասնակցիլ 2022-ի մոնտիալին, որ տեղի պիտի ունենայ Քաթարի մէջ:
Նշուեցաւ, որ խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ պայքարի միջազգային կազմակերպութիւնը` ՈՒԱՏԱ-ն, այդ մասին տեղեկացուցած է Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին:
Սակայն ՖԻՖԱ-ն եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն այդ ուղղութեամբ ցարդ ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարած են: