Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ Թուրքմենիստանի մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ ֆութսալի 2020-ի ախոյեանութիւնը յետաձգուեցաւ անորոշ թուականով մը` Չինաստանի մէջ յայտնաբերուած «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Թուրքմենիստանի մայրաքաղաք Աշխապատի մէջ այս մրցաշարքը պիտի սկսէր 26 փետրուարին եւ աւարտէր 8 մարտին` մասնակցութեամբ 16 խումբերու:
Բ. խմբակին մաս կազմող Լիբանան իրեն մրցակից պիտի ունենար Քուէյթը, Ճափոնը եւ Խըրխըզիստանը: