Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Այոուա նահանգին մէջ հանրապետականներու ժողովին ընթացքին ամէնէն շատ քուէները ապահոված է: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Հանրապետական կուսակցութեան տեղական մասնաճիւղին հրապարակած հաղորդագրութեան:
Ընդհանուր առմամբ, պատգամաւորական ժողովներուն քուէարկած է 31,386 մարդ: Թրամփ ստացած է 30,5 հազար ձայն կամ քուէներուն 97 առ հարիւրը: Ուիլիըմ Ուելտ ստացած է 401 քուէ, Ճօ Ուոլշ` 341, իսկ մնացեալ թեկնածուները միասնաբար ստացած են 144 քուէ:
Փաստացի նախնական ընտրութեան մէջ Թրամփի մրցակիցներն են Մասաչուսեց նահանգի նախկին նահանգապետ Պիլ Ուելտ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախկին անդամ Ճօ Ուոլշ եւ գործարար Ռոքի տէ լա Ֆուէնթէ, սակայն անոնք աշխուժ քարոզարշաւ չեն կատարեր եւ չեն յաւակնիր յաղթանակի:
Հանրապետական կուսակցութիւնը պաշտօնապէս աջակցած է երկրորդ նստաշրջանով Թրամփի վերընտրութեան:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ այս տարուան նոյեմբերին: