Ուքրանիա բնակող կիսամիջին քաշային կարգի հայ կռփամարտիկ, 23 տարեկան Կարէն Չուխաջեան, նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի միջազգային գօտիին` յաղթելէ ետք իր ռուս մրցակիցին` Սերկէյ Վորոպիովին:
Չուխաջեան առաջին անգամ ըլլալով մեծերու մրցաշարքին կը դառնայ տիտղոսակիր` Ուքրանիոյ մէջ:
Ուքրանահայ այլ կռփամարտիկ մը` «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի վարկածով աշխարհի ախոյեան Արտեոմ Դալաքեան 8 փետրուարին Քիեւի մէջ մենամարտ մը ունի կատարելիք: