Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող տարուան առաջին թենիսի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքը, երէկ հասաւ իր աւարտին, երբ կատարուեցաւ սպասուած ճակատումը 2-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչի եւ 5-րդ դասուած աւստրիացի Տոմինիք Թիեմի միջեւ:
Շուրջ չորս ժամ տեւած բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, Ճոքովիչ 8-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին` արձանագրելով 6-4, 4-6, 2-6, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը:
Նախապէս ան այս տիտղոսին տիրացած էր 2008-ին, 2011-ին, 2012-ին, 2013-ին, 2015-ին, 2016-ին եւ 2019-ին:
Ճոքովիչ 32 տարեկան է:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց աւարտական ճակատումին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 1 փետրուարին, 14-րդ դասուած ամերիկացի Սոֆիա Քենըն տիրացաւ տիտղոսին` 4-6, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով սպանացի Կարպին Մուկուրուցայի դէմ: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 2 ժամ 3 վայրկեան:
21 տարեկան Քենըն, որ ծնած է Մոսկուայի մէջ, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին կրան շլեմի մրցաշարքերուն գծով այսպիսի յաջողութեան չէր հասած:
Ասկէ բացի, Քենըն 2008-էն ետք հանդիսացաւ ամէնէն երիտասարդ մարզիկը, որ կը տիրանայ այս մրցաշարքի տիտղոսին: