Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ աւելի ամուր կառչած մնաց իր դիրքին եւ ունեցաւ… 22 կէտի հսկայ առաւելութիւն մը իր անմիջական մրցակիցին` երկրին գործող ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի վրայ, որ Թոթենհամի դաշտին վրայ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Օլեքսանտր Զինչենքոյի կարմիր քարտ ստանալէն ետք (60-րդ), Թոթենհամ մարզիկի մը առաւելութենէն օգտուելով 61 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան արձանագրեց իր այս յաղթանակը:
Լիվըրփուլ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Սաութհեմփթընին: Մոհամետ Սալահ, տուպլէ մը իրագործեց:
Տեղի ունեցած այլ մրցումներուն ընթացքին, Լայսթըր Սիթի, Չելսի, Մանչեսթըր Եունայթըտ, Արսենալ եւ ուրիշներ հաւասարութիւններ արձանագրեցին: