31 յունուարին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանն ու Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեանը պատգամաւորական հանդիպումներ ունեցած են Մարտունի շրջանի Սօս եւ Մաճկալաշէն համայնքներու բնակիչներուն հետ:
Պատգամաւորները անդրադարձած են վերջին 5 տարիներու ընթացքին Ազգային ժողովի եւ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան կողմէ իրագործուած ծրագիրներուն, երկրի տնտեսական զարգացման, գիւղատնտեսութեան եւ անվտանգութեան հարցերուն:
Դաւիթ Իշխանեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովին մէջ ընդունուած օրէնքներէն «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը դէմ քուէարկած է ռազմավարական նշանակութեան, յատկապէս` «Հողային օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին», «Ընդերքի մասին Արցախի Հանրապետութեան օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին», Արցախի Հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան, «Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» Արցախի Հանրապետութեան օրէնքներուն:
Վահրամ Բալայեան անդրադառնալով արտաքին ճակատին վրայ կատարուած աշխատանքներուն` նշած է, որ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան սերտ համագործակցութեան շնորհիւ ընդլայնուած է Արցախի բարեկամներու շրջանակը եւ կանխուած եւրոպական տարբեր կառոյցներու մէջ Ազրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած հակաարցախեան շարք մը բանաձեւերու ընդունումը:
Հանդիպումին մասնակիցները նաեւ շարք մը հարցադրումներ կատարած են պատգամաւորներուն: