Երուսաղէմի մէջ մահացած է պատմաբան, երուսաղէմագէտ Ալպերթ Աղազարեան:
Ա. Աղազարեան ծնած է 1950-ին, Երուսաղէմի մէջ: 1970-ին աւարտած է Պիրզեթ համալսարանը, 1977-ին ստանձնած է նոյն համալսարանի ընդհանուր յարաբերութեանց գրասենեակի տնօրէնութիւնը մինչեւ 2002, եւ եղած է պատմութեան դասախօս:
Երուսաղէմի մասին անոր հրատարակութիւնները մեծաթիւ չեն, սակայն ան ծանօթ է իբրեւ աշխարհի լաւագոյն երուսաղէմագէտը:
Պարգեւատրուած է Պելճիքայի թագաւորին կողմէ` Պաղեստինեան դատը միջազգային հարթակներու վրայ լաւապէս ներկայացնելուն եւ անոր տարածման մէջ իր ներդումը ունենալուն համար:
Ունի բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, պատմագիտական յօդուածներ, տուած է անհամար դասախօսութիւններ:
Պաղեստինեան իշխանութեան մշակոյթի նախարարութիւնը բարձր գնահատած է Ալպերթ Աղազարեանի ներդրումը Երուսաղէմը պատմական դիտանկիւնէ ծանօթացնելու գործին մէջ: Անոր մահուան առիթով նախարարութիւնը յատուկ յայտարարութեամբ մը նշած է, թէ պաղեստինցի ժողովուրդը կորսնցուցած է միջազգային հարթակներու եւ մակարդակի վրայ Պաղեստինեան դատի ամէնէն թունդ պաշտպաններէն մէկը:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ցաւակցութիւն յայտնեց պաղեստինցի ժողովուրդին` «պաղեստինեան ազգային իրաւունքներու պաշտպան Ալպերթ Աղազարեանի» մահուան առիթով:
Պատմաբան Ալպերթ Աղազարեան հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է իր աշխատութիւններով Երուսաղէմի պաղեստինեան պատկանելիութիւնը ապացուցելու առումով: