Մելպուռնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող տարուան առաջին` Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը արդէն իսկ հասած է իր աւարտին: Շաբաթավերջին կը կատարուին տղոց եւ աղջկանց աւարտականի մրցումները:
Երէկ աւարտական հանգրուան հասնող վերջին մարզիկը եղաւ 5-րդ դասուած աւստրիացի Տոմինիք Թիեմ, որ 3-6, 6-4, 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց 7-րդ դասուած գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւի դէմ: Մրցումը տեւեց 3 ժամ 42 վայրկեան:
Աւարտականին անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ 2-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ: