Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շեշտեց. «Երուսաղէմը մեզի համար կարմիր գիծ է, եւ Աքսայի մզկիթին երկարող որեւէ ձեռք պիտի կոտրենք»:
«Պիտի չընդունինք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծրագիրը պաղեստինցիներուն պարտադրելը, որովհետեւ Երուսաղէմը կարմիր գիծ է, եւ Աքսայի մզկիթին երկարող որեւէ ձեռք պիտի կտրենք», յայտնեց Էրտողան` աւելցնելով. «Չենք ճանչնար եւ չենք ընդունիր այս ծրագիրը, որ ամբողջովին կը քանդէ Պաղեստինը եւ կը բռնագրաւէ Երուսաղէմը»:
«Կարելի չէ ընդունիլ ամերիկեան նոր ծրագիրը, եւ կարգ մը արաբական երկիրներու կողմէ զայն ընդունիլը դաւաճանութիւն է», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը` նշելով. «Թուրքիան միշտ պաղեստինեան դատին եւ պաղեստինցի ժողովուրդին կողքին պիտի ըլլայ»:
«Իսրայէլ ահաբեկչական պետութիւն է եւ մեր մօտ որեւէ համարում չունի», նշեց ան:
Անդրադառնալով Սուրիոյ հարցին` Թուրքիոյ նախագահը նշեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը կը շարունակէ Սուրիոյ մէջ արիւն հեղել»:
«Ռուսիոյ հետ Իտլիպի վերաբերեալ մեր գոյացուցած համաձայնութեան խախտում տեղի ունեցաւ, եւ մենք Իտլիպի շարունակ ռմբակոծումը դիտողի կարգավիճակին մէջ պիտի չմնանք», յայտարարեց Էրտողան:
«Թերեւս զինուորական նոր գործողութեան դիմենք, եթէ Իտլիպի մէջ կացութիւնը շուտով չլուծուի», ընդգծեց Թուրքիոյ նախագահը:
Քրեմլին Էրտողանի յայտարարութեան պատասխանելով նշեց Ռուսիան ամբողջովին կը յարգէ Իտլիպի մէջ իր յանձնառութիւնները, սակայն մեծապէս մտահոգ է շրջանին մէջ զինեալներուն յարձակումներով»:
Ինչ կը վերաբերի Լիպիոյ, Էրտողան ըսաւ. «Ձեռնածալ մնալով պիտի չդիտենք այն ուժերը, որոնք Սարաժի կառավարութեան դէմ յեղաշրջում կը կատարեն»:
«Պիտի չընդունինք քննադատութիւնները, որոնք Լիպիոյ մէջ յեղաշրջումին ու ահաբեկիչներուն կը զօրակցին», աւելցուց ան` նշելով. «Մինչեւ որ Լիպիոյ մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատուի, այդտեղ պիտի մնանք»: