Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ Քրեմլինի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումի ընթացքին քննարկած է պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման ամերիկեան «Դարու գործարք» ծրագիրը եւ ատոր ազդեցութիւնը շրջանին վրայ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է իսրայէլեան պատուիրակութենէն աղբիւր մը:
«Կայացաւ երկարատեւ, խոր եւ հիմնաւորուած զրոյց «Դարու գործարք»-ի մանրամասնութիւններուն եւ շրջանին վրայ անոր ազդեցութեան շուրջ: Բացի ատկէ, ղեկավարները քննարկեցին իրադարձութիւններու զարգացումը Սուրիոյ մէջ եւ անհրաժեշտ համակարգումը Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ միջեւ», ըսած է աղբիւրը: