Թրքական «Քուտուս» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Նուրուտտին Շիրին յայտարարած է, որ իրանցի զօրավար Քասեմ Սիւլէյմանին կարեւոր դեր խաղցած է 15 յուլիս 2016-ին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ կազմակերպուած յեղաշրջման փորձի տապալման գործին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թըրքիշմինըթ» կայքը:
«Նախագահ Էրտողան գիտէ, թէ Սիւլէյմանին 15 յուլիսին ի՛նչ ըրած է Թուրքիոյ համար», նշած է Շիրին:
Յիշեցնենք, որ 15 յուլիս 2016-ին, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած էր զինուորական յեղաշրջման փորձ, որուն յաջորդած էին ձերբակալութիւններ երկրի զինեալ ուժերուն եւ այլ կառոյցներու մէջ, փակուեցան բազմաթիւ թերթեր, կազմակերպութիւններ, կեդրոններ, երկրին մէջ յայտարարուեցաւ արտակարգ դրութիւն:
Էրտողան յեղաշրջման փորձին համար կը մեղադրէ «Հիզմեթ» կրօնական շարժման հիմնադիր եւ իր հակառակորդ Ֆեթհուլլա Կիւլենը, որ կը բնակի Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվանիա նահանգին մէջ: