Թունուզի մէջ տեղի ունեցած Միջերկրականեան երկիրներու սուսերամարտի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած Մուսթաֆա Հաժ Լիբանանի համար ապահովեց արծաթ եւ պրոնզ մետալներ:
17 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ ան իր կատարած բոլոր մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրեց, բացի` աւարտական մրցումէն, ուր 15-10 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սպանիոյ ախոյեանէն եւ տիրացաւ արծաթ մետալին:
Իսկ 15 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ ան տիրացաւ պրոնզ մետալին` պարտութիւն մը կրելով ֆրանսացի իր մրցակիցէն (10-9), որ ապա հանդիսացաւ ախոյեան: