Չինաստան Միացեալ Նահանգներէն ետք աշխարհի վրայ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ սպառազինութիւններու արտադրութեան եւ անոնց վաճառքի ցուցանիշով, Ռուսիան նահանջած է երրորդ դիրք: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Սթոքհոլմի խաղաղութեան խնդիրներու հետազօտութեան միջազգային հիմնարկի զեկուցումը:
2017 թուականին Միացեալ Նահանգներու ընկերութիւններուն վաճառքները հասած են 226,6 միլիառ տոլարի, Ռուսիոյ ընկերութիւնները կատարած են 37,7 միլիառ տոլարի վաճառք: Չինաստանի ընկերութիւնները զէնքի պատուէրներէն ստացած են 54,1 միլիառ տոլար, ներառեալ` օդանաւերու եւ օդանաւերու ճարտարագիտութեան հիմնական արտադրող մեծագոյն «Ավիէյշըն Ինտասթրի Քորփորէյշըն աֆ Չայնա» ընկերութիւնը կնքած է 20,1 միլիառ տոլարի համաձայնագիրներ:
Վարկանիշի մէջ դիրքերու փոփոխութիւնը առնչուած է այն բանին, թէ Սթոքհոլմի խաղաղութեան խնդիրներու հետազօտութեան միջազգային հիմնարկը առաջին անգամ տուեալներ ստացած է 2015-2017 թուականներուն Չինաստանի վաճառքներուն վերաբերեալ: Նախապէս այդ տեղեկութիւնը անմատչելի էր: