Ֆրանսախօս երկիրներու հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ ռուանտացի Էմապլ Պայինկանա յունուար ամսուան ընթացքին ներկայացուց իր հրաժարականը անձնական պատճառներով: Ֆետերասիոնին ներքին կանոնագիրին հիման վրայ, առաջին փոխնախագահ Վաչէ Ծատուրեան կը ստանձնէ նախագահի պաշտօնը մինչեւ յաջորդ տարեկան ընդհանուր ժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ սեպտեմբերին, Զուիցերիոյ մէջ: Նշենք, որ սոյն ֆետերասիոնը հիմնուեցաւ 2014-ին, Ֆրանսայի մէջ, եւ այդ թուականէն սկսեալ Ծատուրեան մաս կը կազմէր գործադիր մարմինին: