Մելպուրնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող տարուան առաջին կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, երէկ կատարուեցան տղոց եւ աղջկանց քառորդ աւարտականի երկուքական մրցումներ: Մնացեալ մրցումները կը կատարուին այսօր:
Աղջկանց մրցումներուն թիւ 1 դասուած աւստրալիացի Էշլի Պարթի ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով չեխ Փեթրա Քվիթովայի դէմ:
Կիսաւարտականին ան իրեն մրցակից պիտի ունենայ ամերիկացի Սոֆիա Քենինը, որ երէկուան իր յաղթանակը արձանագրեց թունուզցի Օնս Ժապէօրի դէմ` 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով:
Ինչ կը վերաբերի երէկ տեղի ունեցած տղոց քառորդ աւարտականի մրցումներուն, 3-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր 6-3, 2-6, 2-6, 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, աշխարհի դասաւորման մէջ 100-րդ դիրքին վրայ գտնուող ամերիկացի Թեննիս Սանտկրենի դէմ:
Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 3 ժամ 32 վայրկեան:
39 տարեկան Ֆետերեր կիսաւարտականին իրեն մրցակից պիտի ունենայ 2-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչը, որ երէկ իր կատարած մրցումին 6-4, 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց քանատացի Միլոշ Ռաոնիչի (32-րդ) դէմ:
Քառորդ աւարտականի մնացեալ ճակատումները տեղի պիտի ունենան այսօր: