«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան վեց ճակատումներ:
Մինեսոթա Վուլվզ, որ հիւրընկալեց Սաքրամենթօ Քինկզին, անկէ կրեց 133-129 արդիւնքով պարտութիւն մը` երկարաձգումէն ետք:
Յաղթական կազմէն Պատի Հիլտ նշանակեց 42 կէտ, մինչ Վուլվզէն Էնտրու Ուիկինզ` 36 կէտ:
Եութա Ճեզ, որ հիւրընկալեց Հիուսթըն Ռոքեթցը, կրեց 126-117 արդիւնքով պարտութիւն մը: Յաղթական կազմէն Էրիք Կորտըն նշանակեց 50 կէտ:
Մայեմիի մէջ, Հիթ 113-92 արդիւնքով յաղթեց Օրլանտօ Մեճիքին: Յաղթական կազմէն Պեմ Ատեպայօ թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (20 կէտ, 10 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):
Շիքակոյի մէջ, Սան Անթոնիօ Սփըրզ կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 110-109 արդիւնքով պարտուեցաւ դաշտին տիրոջմէն` Պուլզէն: Սփըրզէն Տեմար Տերոզան նշանակեց 36 կէտ: