Իր մասնակցութիւնը բերելու համար Պելճիքայի մէջ կատարուելիք Եւրօ-2022-ի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին, երէկ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, գլխաւորութեամբ գլխաւոր մարզիչ Ռուբէն Նազարէթեանի, մեկնեցաւ մրցասպարէզ:
Նազարէթեանի կողմէ նկատի առնուեցան 14 ֆութպոլիստներ:
Հայաստան, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Պելճիքան, Մոնթենեկրոն եւ Սկովտիան: