Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ առաւօտեան իրանեան նահանգներու եւ գաւառներու պաշտօնատարներու համախմբումին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ իր երկիրը «Տանըլտ Թրամփի եւ Սպիտակ տան ահաբեկիչներուն պիտի չարտօնէ իրանցի ժողովուրդին եւ անոր վարչակարգին միջեւ յարաբերութիւնները քայքայել»:
«Մեր միասնականութիւնն ու կայունութիւնը թիրախ դարձնելը հիւլէական համաձայնութիւնը հարուածելէ ու զօր. Քասեմ Սլէյմանին ահաբեկելէ ետք Թրամփի ծրագիրին ամբողջացումն է», ըսաւ ան:
Իրանի նախագահը յայտնեց, որ 21 փետրուարին նախատեսուած երեսփոխանական ընտրութիւնները «շատ կարեւոր են», եւ բոլորին կոչ ուղղեց անոնց մասնակցելու:
Խօսելով երկրին մէջ պաշտօնատարներու դերակատարութեան մասին` Ռուհանի ըսաւ, որ անոնք պէտք է կեդրոնանան խաղաղութեան, հանրապետական վարչակարգը պաշտպանելուն եւ ժողովուրդի տեսակէտներուն ու պահանջներուն ականջ տալուն վրայ:
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ «Մշակութային վայրերու պաշտպանութիւն» խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը «միշտ ալ փաստած է, թէ պատրաստ չէ բանակցութիւններու»:
Զարիֆ նշեց, որ Իրանի մէջ 52 վայրեր հարուածելու գծով Թրամփի հրապարակային սպառնալիքը «անոր գործադրած միջազգային ահաբեկչութեան արժեչափ է»` շեշտելով, որ անոր միակողմանի վարմունքին ու միջազգային օրէնքը անտեսելուն նկատմամբ միջազգային լռութիւն գոյութիւն ունի: