Ամերիկացի անուանի նախկին պասքեթպոլիստ Քոպի Պրայընթ երէկ զոհ գնաց ուղղաթիռի արկածի մը, յայտնեց «Թի. Էմ. Զետ», որ անոր մահուան լուրը փոխանցող առաջին աղբիւրը հանդիսացաւ:
Նշուեցաւ, որ «Սիքորսքի-Էս. 76» ուղղաթիռին մէջ էին օդաչուն եւ չորս ճամբորդներ: Պրայընթի կինը ուղղաթիռին մէջ չէր:
Նշենք, որ Քոպի Պրայընթ 41 տարեկան էր: