Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լայփցիկ 2-0 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դաշտէն:
Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ անոր դիրքը բաւական վտանգուի` նկատի ունենալով, որ անոր անմիջական մրցակիցը` երկրին գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ, 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելէ ետք իր հիւրը` Շալքէն, կէտերու տարբերութիւնը նուազեցուց միայն կէտի մը: Մրցումին ներկայ էր 75 հազար հանդիսատես:
Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց Պորուսիա Տորթմունտ` Քէօլնի դէմ մրցումին (5-1):