ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ 2020-ի պետական ամավարկի վաւերացման խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութեան ներկայութիւնը սահմանադրական եւ կարեւոր է, սահմանադրութեան 64-րդ յօդուածի 2-րդ կէտին համաձայն: Ըստ այդ կէտին, խորհրդարանին մէջ կառավարութեան ներկայութիւնը ընթացիկ հարցերու կառավարութեան համազօր է: Նշենք, որ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ կողմէ ստորագրուած շրջաբերականի մը համաձայն, Մար Մարունի տօնին` 10 փետրուարի, եւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յիշատակի օրուան` 14 փետրուարի առիթով, պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները պիտի մնան փակ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը կարենայ փրկել Լիբանանը: Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց լրագրողներուն դէմ յարձակումներն ու զանոնք խոշտանգելու արարքները:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ղազի Ուազնի ընդունեց Միջազգային դրամատան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ դրամատան Արեւելքի բաժանմունքի տնօրէն Սարուժ Քումարժայի: Քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապը լուծելու կարելիութիւնները: «Միջազգային դրամատունը պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին», ըսաւ Քումարժա:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար յայտնեց, որ Լիբանանի փողոցներուն նորոգութիւնը 413 միլիառ լ. ոսկի գումարի կը կարօտի, մինչդեռ նախարարութեան յատկացուած գումարը հազիւ 70 միլիառ լ. ոսկի է:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մանալ Ապտել Սամատ խստիւ դատապարտեց լրագրողներուն դէմ գործուող բռնութիւնը, յարձակումներն ու խոշտանգումները:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւնները միակ լուծումը կը նկատուին ժողովուրդին վերադարձնելու իր որոշումը: Ան նշեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը տակաւին վստահութեան քուէ չէ ստացած եւ իրաւունք չունի խորհրդարանի նիստին մասնակցելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս արձանագրուած քաղաքական զարգացումները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի շահերը կ՛ենթադրեն բոլոր երկիրներուն հետ գործակցիլ` հեռու մնալով առանցքներու պատկանելիութեան կարելիութենէն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ կառավարութեան մշակած աշխատանքային ծրագիրի վաւերացումը արգելակող խոչընդոտներ չկան:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն ընդգծեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը այսօր առիթը ունի առնելու այնպիսի քայլեր, որոնք կրնան երկիրը փրկել:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Լիբանանի նորակազմ կառավարութիւնը միագոյն կառավարութիւն մըն է, որ Հըզպալլայի հակակշիռին տակ կը գտնուի: Սինիորայի այցելեցին Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի եւ Քուէյթի դեսպաններ Պրունօ Ֆուշէ եւ Ապտել Ալ Քանայի, որոնք քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ լիբանանցիներուն իրաւունքն է, որ նորակազմ կառավարութիւնը իրենց նկատմամբ կատարեալ անկախ վերաբերում ցուցաբերէ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը` ներկայութեամբ երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէի, նախկին նախարար Ռոնի Արայժիի եւ Ժան Պութրոսի: Քննարկուեցան լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն ընդգծուեցաւ, որ իրաքցի ժողովուրդը վերահաստատած է ամերիկեան բռնագրաւումին դէմ իր կտրական մերժումը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ժողովրդային շարժումը իր սկզբնական շրջանին վերջ դրաւ Լիբանանի Բ. հանրապետութեան, իսկ լիբանանեան վարչակարգը պատերազմով կամ զինուորական յեղաշրջումով չէ, որ փուլ կու գայ, այլ` երեսփոխանական ընտրութիւններուն յատուկ քուէատուփերով: