Երէկ` ուրբաթ, 24 յունուարին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը համագործակցութեան յուշագիր ստորագրեց Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի եւ Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոններուն հետ:
Յուշագիրին ստորագրութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ` ներկայութեամբ վերոնշեալ երկիրներու ֆետերասիոններուն եւ ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչին, որ ստորագրութեան արարողութեան ներկայ կը գտնուէր իբրեւ հիւր երկիր:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկեցին ֆութպոլի վերաբերող այլազան հարցեր, որոնց կարգին` մարզիչներու կրթութիւն, մանկապատանեկան ֆութպոլ, ֆութսալ, աղջկանց ֆութպոլ, համակիրներու հետ տարուող աշխատանքներ եւ այլն:
Յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ արհեստավարժ լիկայի հետ կապուած տարբեր մանրամասնութիւններու քննարկումին վրայ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան ըսաւ, որ յառաջիկային այլ հանդիպումներ եւս տեղի պիտի ունենան` նկատի ունենալով, որ ժողովականները դրական արդիւնքի հասան այս հանդիպումին:
Աւարտին Ռուսիոյ «Փրեմիեր լիկա»-ի գործադիր տնօրէն Սերկէյ Չեպան ըսաւ, որ 1 յուլիս 2020-էն սկսեալ հայ ֆութպոլիստները Ռուսիոյ մէջ իբրեւ օտարական նկատի պիտի չառնուին: