Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, տեղի պիտի ունենան շարք մը հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ:
Սպանիոյ մէջ, բաւական զօրաւոր ճակատումի մը ընթացքին, Վալենսիա իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ երկրին գործող ախոյեանը` Պարսելոնան:
Ռէալ Մատրիտ համեմատաբար աւելի հանգիստ մրցում մը ունի կատարելիք երբ այցելէ Ռէալ Վայատոլիտի (15-րդ) դաշտը:
Իտալիոյ մէջ, վաղը տեղի պիտի ունենայ Հռոմ քաղաքի տերպին, որուն ընթացքին Ա. Էս. Ռոմա կը հիւրընկալէ Լացիօ Ռոման:
Գերմանիոյ մէջ, Պայէրն Միւնիխ – Շալքէ մրցումը իր կարգին կը խոստանայ ըլլալ հետաքրքրական:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ նշուած են խումբերուն գրաւած դիրքերը).