«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 36-րդ յաղթանակը, երբ 128-113 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պրուքլին Նեթցի դաշտէն:
Լէյքըրզէն թրիփըլ տապըլի հեղինակ դարձաւ Լեպրոն Ճէյմս (27 կէտ, 12 ռիպաունտ, 10 էսիսթ): Ասիկա եղաւ անոր 10-րդ թրիփըլ տապըլը այս տարեշրջանին:
Թէեւ Տեմիըն Լիլարտ նշանակեց 47 կէտ, սակայն անոր կազմը` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ, իր դաշտին վրայ 133-125 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տալաս Մավըրիքսէն: Այս վերջինէն Լուքա Տոնքիչ նշանակեց 27 կէտ:
Վերջապէս, երէկուան երրորդ եւ վերջին մրցումին, Քլիվլենտի մէջ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 124-112 արդիւնքով յաղթեց դաշտին տիրոջ` Քաւալիրզին: Յաղթական կազմէն Պրետլի Պիլ, նշանակեց 36 կէտ: