Երեւանի նոր ոստիկանապետ նշանակուեցաւ ոստիկանութեան գնդապետ Արմէն Գասպարեան: Լուրը հաղորդեց Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութիւնը:
«Ոստիկանութեան պետի պաշտօնակատար Արման Սարգսեանի հրամանով ոստիկանութեան Տաւուշի մարզային վարչութեան պետ, ոստիկանութեան գնդապետ Արմէն Գասպարեան ազատ կացուցուած է պաշտօնէն եւ նշանակուած ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան պետ», յայտնեցին ոստիկանութենէն: