Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան պատասխանեց Պաքուի հակահայկական ջարդերուն 30-րդ տարելիցին պատճառով Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ծագած բարկութեան, որուն արձագանգն էին յատկապէս արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ նախագահին օգնականը:
Աննա Նաղդալեան նախ ընդգծեց, որ Պաքուի հակահայկական ջարդերուն 30-րդ տարելիցին առիթով Երեւանի մէջ կազմակերպուեցան շարք մը ձեռնարկներ, որոնց արձագանգեց միջազգային մամուլը, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ լոյս ընծայել բազմաթիւ հրապարակումներ, որոնք կ՛անդրադառնան Պաքուի հայկական համայնքին բարբարոսական ոչնչացման:
«Ցաւօք, այս տարի եւս Ազրպէյճանի իշխանութիւնները շարունակեցին ուղղակի կամ անուղղակի ձեւերով Պաքուի մէջ 30 տարի առաջ իրականացուած հակահայկական ջարդերու կազմակերպիչներու եւ այդ ջարդերը իրականացնողներու գործողութիւններու արդարացումը: Աւելի՛ն, Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի կողմէ անօգնական մարդոց հանդէպ հաշուեյարդար տեսած ջարդարարները հերոսացուեցան իբրեւ «շահիտ»-ներ, իսկ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեղադրեց հայերը սումկայիթեան եղեռնագործութեան իրականացման մէջ», յայտնեց ան:
Նաղդալեան դիտել տուաւ, որ ազրպէյճանական կողմը կ՛որդեգրէ բոլոր ոճրագործներուն բնորոշ գործելակերպը` զոհերը մեղադրելով ոճրագործութեան մէջ եւ ժխտելով խաղաղ պայմաններու մէջ անզէն մարդոց հրապարակային եւ համակարգուած ոչնչացման իր պատասխանատուութիւնը:
«Ասիկա անգամ մը եւս աներկբայօրէն կ՛ընդգծէ, որ որեւէ պարագայի հայ ժողովուրդի որեւէ հատուածի անվտանգութեան պատասխանատուութիւնը չի կրնար վստահուիլ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն: Ակնյայտ է, որ Արցախը որեւէ պարագայի չի կրնար Ազրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալ, եւ Արցախի ժողովուրդը չի կրնար մնալ առանց պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ անվտանգութեան գիծերու», շեշտեց Աննա Նաղդալեան: