Հայաստանի գեղասահքի հաւաքականի անդամները` Սիմոն Սենեկալ եւ Թիմա Կարապետեան, Եւրոպայի գեղասահքի ախոյեանութեան սկսան յաղթանակով:
Աւստրիական Կրաց քաղաքին մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան, Սենեկալ – Կարապետեան զոյգը, մեկնարկին ապահովելով 61,25 կէտ, իրաւունք ստացաւ մասնակցելու ազատ ծրագիրով պարին:
Այսօր` ուրբաթ, 24 յունուարին, տեղի կ՛ունենան աղջկանց մենասահքի կարճ ելոյթները, իսկ վաղը` շաբաթ, զոյգի եւ աղջկանց ազատ ծրագիրի մրցումները: